Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան յայտարարեց, որ Իրան երբեք համաձայն պիտի չըլլայ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական սահմաններու որեւէ փոփոխութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԻՐՆԱ» գործակալութիւնը:
Փեզեշքեան այս հաստատումը կատարեց Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ անոր՝ տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առանցքային սկզբունքն է, առ այդ, սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն բոլորովին անընդունելի է։
Փեզեշքեան տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ միասնութեան կոչ ուղղեց։
Իր կարգին Հաճիեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան կը ձգտի երկկողմ կապերը խորացնել:
Իրան բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ դրացիներու տարածքային ամբողջականութեան վերաբերող սպառնալիք կամ սահմաններու վերագծում կարմիր գիծ է իրեն համար, նաեւ յայտարարած է, թէ կը յարգէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ դէմ է միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութեան: Իրան նաեւ ընդգծած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը Հայաստանի համար վնասաբեր կը նկատէ: