«Ազատութիւն»ը, իր լուրերը քաղելով Փտածութեան դէմ կոմիտէէն՝ կը յայտնէ, թէ Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ ձերբակալուեցան՝ առանց մանրամասնութիւններ տալու, թէ՝ անոնք քանի անձեր են եւ ով են։
Ըստ «Ազատութեան»՝ ձերբակալուածներէն մէկը Երեւանի քաղաքապետարանի հասարակական կարգի պահպանութեան ղեկավար Արամ Գիւլզադեանն է:
Կոմիտէէն միայն յայտնեցին, որ գործողութիւններ կը կատարուին կոմիտէին մէջ քննուող վարոյթի մը ծիրին մէջ:
Քաղաքապետի բանբեր Հայկ Կոստանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը յայտնէ, որ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ ձերբակալուած են՝աւելցնելով. «Քաղաքապետարանը համագործակցում է իրաւապահ մարմինների հետ` օրէնքով սահմանուած ընթացակարգերին աջակցելու նպատակով»: