«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ սահմանամերձ Ոսկեպարի մէջ տեղի կ՛ունենան իրադարձութիւններ. շրջանի անհանգստացած վարչական ղեկավարը օր մը առաջ ընթացող աշխատանքներուն մասին խօսած էր, սակայն 19 Փետրուարին հրաժարեցաւ մեկնաբանել իր յայտարարութիւնը, իսկ սահմանազատման հայկական յանձնաժողովը գլխաւորող փոխվարչապետին գրասենեակը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) լուռ են:
Ոսկեպարի վարչական ղեկավար Իշխան Աղբալեան 18 Փետրուարին «Հրապարակ»ին յայտնած էր, որ Տաւուշի մէջ սահմանազատման գործընթացի ծիրին մէջ սկսած են կարգ մը աշխատանքներ, սակայն, չէր յստակացուցած, որ ճիշդ ի՞նչ կը կատարուի:
«Ազատութիւն»ը 19 Փետրուարին փորձեց Աղբալեանէն մանրամասնութիւններ ստանալ: Ան նաեւ ըսած էր, որ կան տարածքներ, ուր իրենց մուտքը կ՛արգիլուի, հարցում ունենալու պարագային խորհուրդ տուած էր դիմել սահմանապահ զօրքերուն: Հակառակ անոր որ Ոսկեպարի վարչական ղեկավարը քանի մը ժամ առաջ մեծապէս մտահոգուած էր ընթացող աշխատանքներով, նաեւ Երեւանի մէջ «միտինգ անողներին» (ցոյց ընողներուն) միանալու կոչ ուղղած էր, սակայն ներկայիս, ան արդէն կը մերժէ անդրադառնալ իր գիւղին մէջ տեղի ունեցածին։ «Ոչ մի բան էլ չեմ ասում, ում հետաքրքրում է` գայ նայի տեղում», ըսաւ Աղբալեան։
Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանազատման յանձնաժողովները ղեկավարող փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն կարելի չէ եղած ճշդել ի՛նչ աշխատանքներ կը կատարուին Ոսկեպարի մէջ։
Հրապարակային գործունէութեամբ ուշադրութիւն չգրաւող յանձնաժողովի աշխատանքներուն մասին վերջին լուրը տարածուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, որ՝ Երեւան-Պաքու տեսակապի միջոցով նիստ գումարած յանձնաժողովականները քննարկած են սահմանազատման իրականացման համար անհրաժեշտ ուղեցոյցներու նախագիծերը:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ, ըստ Կանոնակարգին, այդ ուղեցոյցներու շարքին է նաեւ այն քարտէսը, որուն հիման վրայ պէտք է իրականացուի սահմանազատումը, բայց, ընդունման մասին որեւէ խօսք չկար: Սահմանազատումը, ըստ կողմերուն, պէտք է շարունակուի հիւսիսէն` հարաւ, այսինքն դարձեալ Տաւուշէն: Իբրեւ մեկնարկ՝ նշուած էր Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի սահմաններու հատման կէտը: Բայց եռակողմ աշխատանքներուն մասին նոյնպէս տեղեկութիւն չկայ: Փոխարէնը կան լուրեր, որ Ոսկեպարի մէջ արդէն սահմանազատուած սահմանին մէկ հատուածը կը պատրաստուի քարշակով։ Բայց, թէ՛ Ոսկեպարի գիւղապետի անհանգստութիւնները եւ թէ գիւղէն ստացուող լուրերը պետական մարմինները ամբողջ օրուան ընթացքին չմեկնաբանեցին:
Այս պահուն, Հայաստան-Ատրպէյճան շուրջ 1000 քիլոմեթր երկարութեամբ հատուածէն 12ը սահմանազատուած է:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎԻՃԱԿԸ ՀԱՆԳԻՍՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Սահմանին իրավիճակը «հանգիստ» բնորոշեց Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր, որ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ներկայացուց իրենց դիտարկումները, ըստ որոնց, խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցող թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան կ՛ամրապնդեն իրենց դիրքերը:
«Երկու կողմերն ալ կը շարունակեն պատրաստուիլ աւելի վատ զարգացման, ասիկա ակնյայտ է: Բայց մենք այս պահուն լարուածութիւն չենք տեսներ, եւ ասիկա մէկ ամիսէ ի վեր, առ այդ, մենք բաւական վստահ ենք, որ տարածաշրջանը լաւ ուղիի վրայ է: Եւ մենք միշտ կ՛ըսենք, որ նախապատրաստուած եղիր ամէնէն վատին, բայց պատրաստ եղիր լաւագոյնին: Այսպիսով, մեզի կը թուի, որ երկու կողմերն ալ կը հետեւին այս խորհուրդին», ըսաւ Ռիթըր:
2 տարիներու պարեկութենէ ետք, Եւրոպական Միութեան դիտորդներու անզէն քաղաքացիական առաքելութիւնը այս Փետրուարին երկու տարիով երկարաձգուեցաւ։
«Մենք կը հետեւինք, թէ ի՛նչ կը կատարուի սահմանին: Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք ոչ միայն կը նայինք, թէ ի՛նչ կ՛ընէ ատրպէյճանական կողմը, մենք նաեւ կը հետեւինք, թէ ի՛նչ կ՛ընէ հայկական կողմը, որովհետեւ Պրիւքսէլ մեզմէ կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ի՛նչ է իրավիճակը սահմանին», ըսաւ Ռիթըր, որ նաեւ բացայայտեց, թէ այս երկու տարիներուն, իրենց աշխատանքէն դժգոհող Պաքու մնայուն կերպով տեղեկացուած է իրենց շարժումներուն մասին, որոնք բացառապէս Հայաստանի տարածքին մէջ տեղի ունեցած են։
«Նոյնիսկ այն պարեկութիւններուն, որոնց մենք կ՛երթանք ընկերակից կցորդներով, մէկ շաբաթ առաջ յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակին միջոցով տեղեակ կը պահենք Պաքուն: Այս կը նշանակէ, որ անոնք նոյնիսկ նախապէս գիտեն, թէ մենք ուր կ՛երթանք եւ ո՛ւր պիտի գտնուինք։ Ասիկա շատ բաց եւ թափանցիկ է, եւ մենք ոչ մէկ հետախուզական աշխատանք կը կատարենք», ընդգծեց Ռիթըր:
Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հարցը նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու նիւթերէն է: «Արմէնփրէս»ը յիշեցուց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը Պաքուին` Եւրոպական Միութեան դիտորդները հեռացնել սահմանի արդէն իսկ սահմանազատուած հատուածներէն: Ի՞նչ է առաքելութեան դիրքորոշումը այս հարցին գծով. Ռիթըր իր եւ Հայաստանի ղեկավարին քննարկումէն եզրակացուցած է, որ այդ առաջարկը զիրենք սահմանէն հեռացնելու մասին չէ, եւ այս չի նշանակեր, որ իրենց առջեւ սահմանամերձ համայնքներու մուտքը պիտի փակէ:
«Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ատրպէյճանական կողմը համաձայնին, որ մենք պէտք չէ պարեկութիւն կատարենք ուղղակիօրէն արդէն յստակ սահմանազատուած սահմանային շրջաններուն մէջ, մենք անոր մէջ ոչ մէկ հարց կը տեսնենք», պատասխանեց Ռիթըր։