
Երեքշաբթի, 11 Փետրուարին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Հոլիվուտի Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Ազգային վարժարանի սրահին մէջ, Լոս Անճելըս գտնուող պուլկար վաւերագրող Ցվետանա Փասքալեւա հանդիպում-զրոյց մը ունեցաւ նշեալ վարժարանի 10, 11 եւ 12րդ կարգի եւ Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի 9, 10 եւ 11րդ կարգերու աշակերտներուն հետ, որոնք նաեւ առիթը ունեցան Արցախի պահանջատիրութեան մասին Փասքալեւայի պատրաստած վաւերագրական ժապաւէններու շարքէն դիտելու Soldiers of the Land-ը եւ մօտէն ծանօթանալու Արցախի ազատագրական պայքարին եւ անոր մանրամասնութիւններուն: Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Ազգային առաջնորդարանի Խնամակալ մարմինի գործավարուհի Թամար Թիւֆէնքեան:


Բացման խօսքը կատարեց Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Սիւզի Օհանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ հանդիպումին շարժառիթին եւ ներկայացուց օրուան հիւրը եւ անոր վաստակը՝ Արցախի ու արցախահայութեան վերջին տասնամեակներու կեանքի վաւերագրման եւ լրագրողական հրապարակումներու ծիրին մէջ:
Soldiers of the Land ժապաւէնը դիտելէ ետք, հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած աշակերտական խումբերը հարցումներ ուղղեցին Փասքալեւային, յայտնեցին իրենց մտահոգութիւնները 2020ի պատերազմէն ի վեր Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ առնուած Արցախի հողերուն եւ անոնցմէ դուրս քշուած բնիկ բազմահազար ժողովուրդի ճակատագիրին ու ներկայ իրավիճակին մասին եւ պուլկար վաւերագրողէն ստացան սպառիչ պատասխաններ, հայրենական տիեզերքի ներկայ պատմութեան վերաբերող իրենց ծանօթութիւնները պատմագիտականօրէն ընդարձակելով:

Հանդիպման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը՝ նախ նշելով, որ տեղի ունեցածը հայոց պատմութեան կարեւոր դասապահ մըն է, եւ թէ՝ ինչպէս որ անցեալ ժամանակներու մէջ հայոց մասին իրենց տեսածը եւ ապրածը պատմած են հայ ու օտար պատմագիրներ եւ պատմագիտական կաճառին նուիրած փաստագրական վաւերագրութիւններ, Փասքալեւա եւս նոյնը ըրած է եւ կը շարունակէ ընել իր արձանագրութիւններով եւ վաւերագրական ժապաւէններով, որոնց համար ան անցնող տասնամեակներուն հրաւիրուած է հայահոծ գաղութներ եւ իրազեկ դարձուցած Արցախի ու արցախահայութեան իրավիճակին մասին, միշտ յանուն պատմական եւ մարդկային արդարութեան, հայկական հող Արցախի ու արցախցիներու դատը պաշտպանելով ֆիլմարուեստի ճամբով: