ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 24ի մամուլի ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի ֆութպոլի ընկերակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանը ներկայացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ եւ տնօրէն Եան Պորկէ Փոլսընը (Դանիա): Ան մարզական աշխատանքներ կատարած է Դանիոյ, Սինկափուրի եւ Յորդանանի երիտասարդական ու ազգային հաւաքականներուն մէջ: 62ամեայ մարզիչի հետ պայմանագիր կնքուած է մինչեւ 2010ի Մայիս: Նոր մարզիչը Հայաստանի ֆութպոլին ծանօթ է միայն տեսանիւթերով: Գիտէ նաեւ 2007ին ունեցած առաջընթացի մասին: Ան բարձր գնահատեց հանգուցեալ Եան Փորթերֆիլտի մասնագիտական հմտութիւնները եւ կատարած աշխատանքը Հայաստանի հաւաքականի համար: Նոր գլխաւոր մարզիչը նոյնպէս կողմնակից է յարձակողական ֆութպոլին: