ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան վերջերս հանդիպած է «Արարատ ոսկիի արդիւնահանման ձեռնարկութեան» գլխաւոր տնօրէն Տիմիթրի Քալանտածէին եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Վարդան Վարդանեանին հետ: Այս մասին Յունուար 25ին յայտնեց նախարարը եւ նշեց, որ հանդիպման ընթացքին քննուած են Սոթքի եւ Մեղրաձորի հանքավայրերուն մէջ ներդրումներու, արտադրութեան վերազինման եւ շրջակայ միջավայրին նուազ վնաս հասցնող նոր արհեստագիտութիւններու կիրառման, հանքավայրերու պաշարներու վերագնահատման, ինչպէս նաեւ բնապահպանութեան առնչուող շարք մը խնդիրներ:
Նախարար Յարութիւնեան նշեց նաեւ, որ ձեռնարկութեան նոր տէրերը պարտաւորուած են փոխհատուցել նախորդ կառավարիչներու գործունէութեան ընթացքին յայտնաբերուած խախտումները, որոնցմէ մէկն է մետաղական օգտակար հանածոներու ծաւալները թաքցնելու հետեւանքով առաջացած վնասը:
Յայտնենք, որ ըստ հարկային պետական ծառայութեան, «Արարատ ոսկիի արդիւնահանման ձեռնարկութիւն»ը (AGRC) պետական ամավարկ փոխանցած է մօտ 1.5 միլիառ դրամ: