ԵՐԵՒԱՆ, Հանրային Ձայնասփիւռ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի գլխաւորութեամբ, Յունուար 28ի առաւօտուն Եռաբլուր պանթէոնին մէջ Հայաստանի բանակի կազմաւորման 16ամեակի առթիւ յարգանքի տուրք մատուցեց՝ հայոց բանակի նահատակներուն։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան բանակի 16ամեակին նուիրուած իր ելոյթին մէջ վստահեցուց, որ «Հայոց բանակն այսօր կայացած է, իսկ բանակի օրուայ առթիւ այցը Եռաբլուր՝ նաեւ զոհուածներին ուղղուած իւրօրինակ զեկոյց է խորհրդանշում, որ իրենց սկսած գործն առաջ է տարւում՝ յանուն մեր հայրենիքի անվտանգութեան»:
16 տարի առաջ Հայաստանի անկախութեան հետ ծնունդ առած Հայոց բանակը մեր անկախութեան ամենամեծ նուաճումներէն է: Կազմաւորման առաջին տարիներուն հայ ժողովուրդին պարտադրուած արցախեան պատերազմի փորձութիւնը այն յաղթահարած է՝ կամաւորական ջոկատներու անձնազոհ նուիրումի եւ հրամանատարներու ռազմագիտական հմտութեան միաձուլման շնորհիւ, նշեց պաշտպանութեան նախարարը եւ յայտնեց, թէ 16 տարի առաջ աներեւակայելի կրնար թուիլ, որ նման կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին Արցախը պաշտպանող մարտական ջոկատները կը դառնան տարածաշրջանի լաւագոյն, ամենամարտունակ ազգային բանակը. «Այսօր դա անվիճելի փաստ է, որն արձանագրուել է մեր ժողովրդի հերոսական տոկունութեան, հազարաւոր նուիրեալ հայորդիների կեանքի գնով», ընդգծեց զօրավար Յարութիւնեանը եւ աւելցուց, որ «Յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիների հոգիները կարող են հանգիստ ննջել, քանզի իրենք վստահ կարող են լինել, որ հայրենիքն ու իրենց հարազատները պաշտպանուած են»։
Խօսելով հայկական բանակի մարտունակութեան մասին, պաշտպանութեան նախարարը յայտարարեց, որ «Մեր բանակը հոգեպէս պատրաստ է կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրները։ Այսօր մեր բանակն ամէն ինչ ունի. ե՛ւ պատրաստուած բարձրակարգ սպաներ, ե՛ւ զինուորներ, ե՛ւ արդիականացուած արհեստագիտութիւն»։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ պարբերաբար հնչող ռազմատենչ յայտարարութիւններուն, զօրավարը շեշտեց. «Հայաստանը դէմ է պատերազմական ճանապարհով ղարաբաղեան հարցի լուծմանը, բայց եթէ Ատրպէյճանը սկսի ռազմական գործողութիւններ, ապա՝ պատերազմի դաշտը ցոյց կը տայ, թէ ում բանակն է աւելի մարտունակ»:
«Այնպէս որ, թող մեր հարեւանները չմտածեն, թէ կարող են կրկնուել 90ական թուականները։ Եթէ նման քայլ կատարեցին, ուրեմն կը ստանան այնպիսի հակահարուած, որը չեն մոռանայ դարեր։ Ուստի ես կը ցականայի, որպէսզի մեր հարեւաններն, ի վերջոյ հասկանային, որ մենք պէտք է ապրենք խաղաղ»:
Պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան, շնորհաւորելով բոլորը բանակի կազմաւորման 16ամեակի կապակցութեամբ, նկատեց, որ հայոց բանակը մանկական տարիքէն անցած է արդէն երիտասարդ տարիքի.
«Որքան էլ մանուկ է եղել մեր բանակը, սակայն այս 16 տարիների ընթացքում կատարել է իր առաջ դրուած բոլոր խնդիրները, յաղթել է պատերազմում, զարգացում ապրել, ցոյց տուել իր ուժը: Հարեւան պետութիւնը, որը ռազմատենչ յայտարարութիւններ է անում, հասկանալով Հայաստանի բանակի ուժն ու կարողութիւնները, միայն յայտարարութիւններով էլ բաւարարւում է, քանզի գործնական ոչ մի քայլ չի կարող կատարել: Բանակը կայացած է, ոչ թէ ստեղծուած: Այն հզօր է, մարտունակ եւ պատրաստ է պաշտպանելու հայ ժողովրդի, մեր պետութեան եւ սահմանների անվտանգութիւնը», ըսաւ նախարարը:
Նոյն օրը Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ՝ նուիրուած հայկական բանակի 16ամեակին:
Յայտնենք, որ բանակի օրուան առիթով, զօրքերու մարտական պատրաստուածութեան ապահովման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի, ինչպէս նաեւ ծառայութեան ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ անձնուիրութեան համար նախագահ Քոչարեան Յունուար 25ի հրամանագիրով պաշտպանութեան նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներ եւ ազատամարտիկներ պարգեւատրեց Հայաստանի շքանշանով ու մետալներով:
Նոյն առիթով պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեան պարգեւներ յանձնեց պաշտպանութեան նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներու եւ ազատամարտիկներու:
Հայ զինուորականներուն պարգեւատրեց նաեւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Նշենք, որ Յունուար 28ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ զօրավար Մ. Սիլիկեանի յուշատախտակի բացում, իսկ Մատենադարանին մէջ ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայոց բանակի օրուան եւ Վարդանանց տօնին: