Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի ջարդերուն 37րդ տարելիցին առիթով, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» ուխտին կազմակերպած Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ 22 Փետրուարին:
Շեշտելով, որ հայերու դէմ Պաքուի ոճիրները մինչեւ այսօր կը շարունակուին՝ ցոյցին մասնակցողները պահանջեցին Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու Արցախի մէջ ցեղային զտումներուն համար, ինչպէս նաեւ պահանջեցին հայ ռազմագերիներուն ազատ արձակումը ապահովել:


Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Անի» մասնաճիւղի փոխատենապետ Նարեկ Սաքայեան դատապարտեց Ատրպէյճանի գործողութիւնները՝ ըսելով. «Արցախի ժողովուրդը` ուժեղ եւ վճռական, տակաւին պատմութեան չէ անցած: Այն ընտանիքները, որոնք կ՛ապրէին Ստեփանակերտի մէջ, տակաւին ողջ են: Շուշի ծնած մանուկները նոյնպէս կը շարունակեն ապրիլ: Իսկ տեղացի արցախցիները, որոնք պայքարած են խաղաղութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին համար կը շարունակեն իրենց կեանքը: Մեր պարտքն է՝ պայքարիլ իրենց հետ այժմ եւ ընդմիշտ»:
Հաւաքը աւարտեցաւ աղօթքով` ի յիշատակ զոհուած անձերուն եւ հայ ռազմագերիներու ազատութեան համար: