Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական գործընկերութեան կոմիտէի համանախագահ Նիլզ Ուշաքովսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն աշխոյժ երկխօսութիւնը եւ յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը եւ ընդգծեց տարբեր մակարդակներով փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպման կարեւորութիւնը:
Ան առանցքային համարեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ բարձր մակարդակի հանդիպումին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու արդիւնաւէտ եւ հետեւողական իրականացումը: Նոյն ատեն արդիւնաւէտ նկատեց վերջերս Միւնիխի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիու Քոշքայի հետ հանդիպումը:
Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան չափանիշներու ներդրումին վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան, անդրադառնալով վիզաներու ազատականացման գործընթացին՝ շեշտեց, որ անիկա պիտի նպաստէ մարդկային յարաբերութիւններուն եւ ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման:
Խօսուեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման միտուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին եւ անոր սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ սահմանազատման գործընթացին վերաբերող հարցերու: