Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին, արձագանգելով Պաքուի մէջ «Ռուսիոյ տան» փակումին եւ «Սփութնիք Ատրպէյճան»ի վերացման լոյսին տակ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը՝ ըսաւ, որ Ատրպէյճան կը հասկնայ Ռուսիոյ հետ դաշինքին կարեւորութիւնը, եւ Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ Պաքու իր հետագայ քայլերուն ընթացքին անորմով կ՛առաջնորդուի:
«Վստահ եմ, որ Պաքու կը հասկնայ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Կը փափաքիմ յուսալ, որ մեր ատրպէյճանցի գործընկերները իրենց հետագայ քայլերուն ընթացքին կ՛առաջնորդուին մեր ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններու կատարման բացառիկ կարեւորութեան ըմբռնումով, ինչ որ կը վերաբերի մեր յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակին», յայտնեց Կալուզին:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի մէջ վերջ գտան «Պի.Պի.Սի.»ի եւ «Սփութնիք Ատրպէյճան»ի ներկայացուցչութիւնները: Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.»ի՝ այս մասին յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ:
Ըստ անոր` հաւանական է միայն մէկ թղթակիցի հաւատարմագրութիւնը: Հաճիզատէ նշեց, որ զերոյի հաւասար եղած է նաեւ «Ամերիկայի Ձայն» կայանի թղթակիցներու հաւատարմագրութիւնը: