
Պաքուի մէջ, 3 Մարտին շարունակուեցաւ անօրինաբար պահուող հայերու դատավարութիւնը: Դատէն մանրամասնութիւններ կը հաղորդեն միայն Ատրպէյճանի պետական լրատուամիջոցները՝ ուշ երեկոյեան: Ատրպէյճանի պետական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 3 Մարտին շարունակեց ցուցմունքներ տալ:
Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.»ի՝ (անկախ լրատուամիջոցներու եւ միջազգային կառոյցներու բացակայութեամբ) ընթացող դատական նիստին, Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին՝ իբր թէ «ուզած է նամակ ուղարկել» Ատրպէյճանի նախագահին՝ պատերազմը դադրեցնելու մասին, սակայն Հայաստանի վարչապետը այդ հնարաւորութիւնը չտուաւ:


ՑՈՅՑԵՐ ԵՒ ՀԱՑԱԴՈՒԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հայաստանի մէջ կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը՝ իբրեւ պաշտպանութիւն Պաքուի մէջ պահուող հայերու, որոնց մէջ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդարեան կը շարունակէ հացադուլ կատարել։
Իբրեւ պաշտպանութիւն Ռուբէն Վարդանեանի հացադուլի սկսած «Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան նախագահ Մանէ Թանդիլեան երրորդ գիշերն է որ, իր կարգին, հացադուլ-նստացոյց կը կատարէ Ազատութեան հրապարակին վրայ: 3 Մարտի առաւօտուն, Թանդիլեան անհանգստացաւ եւ անոր առողջական վիճակը վատթարացաւ, առ այդ, նստացոյցին վայրը հասաւ շտապ օգնութիւնը: Բժիշկները ճնշումի տատանում արձանագրեցին, դեղ տուին, եւ յորդորեցին հացադուլը դադրեցնել: Օրուան երկրորդ կիսուն անոր վիճակը կայունացած էր:
«Յորդորելն ինձ իմաստ չունի, ես գիտեմ` ինչի համար է եւ ինչ կարեւոր բանի համար է, որովհետեւ պէտք է հասկանալ, թէ ինչ մարդ ենք կորցնում Բաքուի բանտում ամէն օր: Նրա հացադուլն արդէն այն փուլում է, որ իր կեանքի վրայ անդառնալի հետք է թողնում», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Թանդիլեան՝ աւելցնելով. «Ռուբէն Վարդանեանի կեանքի կորուստը… ամէն հայ պիտի ամօթ զգայ, որ դա կարող է պատահել Բաքուի բանտում յատկապէս: Ես ամաչում եմ ուղղակի գիտակցել, որ այս անզօրութեան, անճարութեան հետեւանքով, որի պատճառով նա սկսել է իր հացադուլը, մենք կարող ենք իր կեանքը կորցնել»: Ան շեշտեց, որ իր քայլով կը խնդրէ Պաքուի բանտին մէջ գտնուող Արցախի նախկին պետական նախարարէն՝ դադրեցնել հացադուլը։ «Սա զուտ խնդրանք է իրեն վերադառնալ Հայաստան, պահպանել առողջութիւնը, դիմանալ, որովհետեւ ինքը թանկ է իւրաքանչիւր հայի համար», նկատել տուաւ երկու համախոհներու հետ ուտելիքէ հրաժարած Թանդիլեան, որ յոյս ունի՝ Վարդանեան կը տեղեկանայ իրենց քայլին մասին եւ կ՛անսայ իրենց խնդրանքին:
Ատրպէյճանական բանտերու մէջ պահուող 23 հայերու լուսանկարները բարձրացուցած ցուցարարներ շարունակեցին իրենց բողոքը եւ մտահոգութիւնը արտայայտել Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի գրասենեակին առջեւ: «Դատւում են ոչ միայն այդ մարդիկ, դատւում է միջազգային իրաւունքը, այդ թւում` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բոլոր նորմերը (չափանիշները) ոչ թէ ոտնահարուած են, այլ Ադրբեջանն ուղղակի հակադրւում է միջազգային իրաւունքին ընդհանրապէս», ցոյցին ընթացքին յայտարարեց տակաւին Արցախի առաջին պատերազմի տարիներէն գերիներու հարցերով զբաղող իրաւապաշտպան Լարիսա Ալավերդեան: Ան Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրեց ռազմագերիներու հարցերով ոչ-պատշաճ քաղաքականութեան մէջ: «Սարսափս ոչ միայն Ադրբեջանի գործողութիւններից է, այլեւ այն ահաւոր, անմարդկային քաղաքականութիւնից, որը վարում են ՀՀ օրուայ իշխանութիւնները», ըսաւ Ալավերդեան:
Կարմիր Խաչի գրասենեակին առջեւ հաւաքուած ցուցարարները շուրջ 40 հանրային կազմակերպութիւններու անունով միջազգային մարդասիրական կառոյցի ղեկավարին մտահոգութեան նամակ մը յղեցին՝ խնդրելով շատ մեծ ուշադրութիւն դարձնել Ատրպէյճանի բանտերու մէջ պահուող հայերուն:
Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան հայ ռազմագերիներուն Ատրպէյճանի բանտերու մէջ պարբերաբար այցելող Կարմիր Խաչին յիշեցուց Ռուբէն Վարդանեանի վերջին լուսանկարները, որոնց մէջ անոր դէմքին առերեւոյթ կապտուկներ եւ վէրք կային: «Սա առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնների բացթողումն ու ձախողումն է, որ նրանք այնտեղ են. նոր դրանից յետոյ մենք միջազգային հանրութիւնից, Կարմիր Խաչից եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններից ունենք պահանջներ, ակնկալիքներ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Տեսնելով, որ վիճակը գնալով կը ծանրանայ՝ այդ պատճառով բոլոր հնարաւոր հարթակների վրայ մեր ձայնն ենք բարձրացնում: Օրեր առաջ ՀՀ պատկան մարմինների, ՄԱԿի դիմաց, իսկ էսօր արդէն՝ Կարմիր Խաչի»:
Բեգլարեան ըսաւ, թէ կ՛ակնկալեն, որ Կարմիր Խաչը իր բոլոր կարելիութիւնները կը կիրարկէ, որպէսզի օր առաջ մեր գերիները վերադառնան եւ մասնաւորապէս հացադուլի մէջ գտնուող Ռուբէն Վարդանեանի առողջութեան զննում իրականացնէ, մնայուն ուշադրութեան տակ պահէ անոր առողջութիւնը, նաեւ կարելի եղածին չափ օգնեն, աջակցին, համոզեն, որ Ռուբէն Վարդանեան դադրեցնէ հացադուլը: «Արդէն 14 օր է, որ նա հիւծւում է եւ անցնում է անդառնալիութեան սահմանը: Այո՛, մենք հասկանում ենք, որ պարոն Վարդանեանը կոնկրետ (յստակ) պատճառներով է հացադուլ յայտարարել, բայց նաեւ հասկանում ենք, որ այդ պատճառները շատ արագ չեն վերանում, դրա համար մենք կ՛ուզենք, որ մեր գերիները, այդ թւում Ռուբէն Վարդանեանը, ողջ-առողջ մնան բանտում եւ վերադառնան հայրենիք եւ այստեղ Կարմիր Խաչն ունի անելիք», յայտարարեց Բեգլարեան:

Ան նաեւ նշեց, որ օր մը առաջ, Ատրպէյճանի պետական համակարգի լրատուամիջոցը յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դիմած են Կարմիր Խաչին, ՄԱԿի զարգացման ծրագիրներուն եւ ՄԱԿի գաղթականներու բարձր յանձնակատարի գրասենեակին՝ դադրեցնելու անոնց գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ: «Սա նշանակում է, որ Արցախի ժողովրդի Ցեղասպանութիւնից, հայրենազրկումից եւ դա ամբողջովին մարսելուց յետոյ Ալիեւի բռնապետական ռեժիմն (վարչակարգը) անցել է միջազգային հանրութեանը մեկուսացնելու գործողութիւններին: Այսինքն, Ալիեւը այլեւս ոչ միայն թքում է միջազգային hանրութեան երեսին, այլ ասում է` ես ձեր կարիքը չունեմ, դո՛ւրս իմ երկրից: Սա արւում է, որովհետեւ նոյն միջազգային հանրութիւնը մարսել է, նոյնիսկ թոյլատրել է Արցախի ժողովրդի ցեղասպանութիւնն ու հայրենազրկումը», ըսաւ Բեգլարեան:
Միւս կողմէ, Կարմիր Խաչի Հայաստանի մէջ գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի 3 Մարտին յստակեցուց, որ Պաքուի մէջ իր գործընկերները Ռուբէն Վարդանեանին այցելած են այն ատեն, երբ արդէն հացադուլի մէջ էր, այցելուներու շարքին նաեւ բժիշկ մը կար, ընդ որում՝ ոչ-ատրպէյճանցի: «Տուեալ տեսակցութեան շրջանակներում եղել է բժշկական անձնակազմ, որը հնարաւորութիւն է ստացել ապահովել այդ չէզոք զննումն անձի, որը գտնւում է հացադուլի մէջ»: Ամատունի ընդգծեց, որ իրենց լիազօրութիւնը թոյլ չի տար հրապարակայնացնել թէ՛ այցելութեան մանրամասնութիւնները, թէ ընդհանրապէս միջազգային կազմակերպութեան արձանագրածը:
ԱլԳ քաղաքացիական հասարակութեան ֆորումի Հայաստանի ազգային հարթակը յայտարարութեան մը միջոցով լուսարձակի տակ առաւ սարսափելի մանրամասնութիւններու յայտնաբերումը՝ Ռուբէն Վարդանեանի գլխուն երկաթ ամրացուցած, սեղմած եւ լլկած են։ Բժիշկները կը յայտարարեն, որ ստեղծուած իրավիճակը ուղղակի սպառնալիք է Ռուբէն Վարդանեանի կեանքին։ Առաջնորդուելով բժշկական բարոյականութեան սկզբունքներով եւ ՄԱԿի «Խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի եւ պատիժի դէմ» համաձայնագիրով՝ անոնք անյապաղ միջամտութիւն կը պահանջեն միջազգային մարդասիրական եւ բժշկական կազմակերպութիւններու կողմէ։