
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան տեղեկացուց, որ Երեւան ունի տեղեկութիւններ Հայաստանի առաւել քան 2000 քաղաքացիներու՝ Միացեալ Նահանգներէն արտաքսուելու կարելութեան մասին։
Յունուարի աւարտին, Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութիւնը (ICE) հրապարակեց զեկոյց մը, որուն մէջ կ՛ըսէր, որ ըստ անօրէն ներգաղթեալներուն դէմ նախագահ Տանըլտ Թրամփի քաղաքականութեան, Հայաստանի 2808 քաղաքացիներ պէտք է արտաքսուին։
«Մենք գիտենք 2000ից աւելի ՀՀ քաղաքացիների մասին, բայց այդ թիւը շատ աւելի մեծ է: Նրանցից քանիսն են արդէն արտաքսուել` մեզ յայտնի չէ: Այդ հարցով այլ կառոյցներ են զբաղւում, արտաքսուած քաղաքացիներն էլ չեն կարող Սփիւռքի մաս համարուել, քանի որ ԱՄՆում գտնուել են ապօրինի», ըսաւ Սինանեան։
Իսկ «Արմէնփրէս»ը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութեան կողմէ Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքին մէջ ձերբակալուած է «Դեմոկրատիա օրէնք եւ կարգապահութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր նախագահ Վարդան Ղուկասեան, որուն արտաքսում կը սպառնայ:
Ըստ նոյն ծառայութեան` 47ամեայ Ղուկասեան 19 Փետրուարին 2022ին մուտք գործած է Միացեալ Նահանգներ, սակայն մուտքի պայմաններով նախատեսուած ժամկէտին չէ հեռացած երկիրէն եւ այդ պատճառով ան ենթարկուած է գաղթականութեան ընթացակարգի:
Աւելի կանուխ, «Դեմոկրատիա օրէնք եւ կարգապահութիւն» կուսակցութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը՝ յայտնելով, որ Վարդան Ղուկասեան կը գտնուի վերահսկողութեան տակ, սակայն, ըստ կուսակցութեան, ան չէ ձերբակալուած: