

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Հինգշաբթի, 20 Փետրուարի երեկոյեան, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Բժշկութեան Համագումար»ին նուիրուած բանախօսական երեկոյ մը` կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Վեթերաններու վարչութեան. ներկայ էին մշակութասէր հոյլ մը ազգասէր հայրենակիցներ:
Հանդիսութիւնը նուիրուած էր նշեալ համագումարին հիմնադրութեան յիսնամեակին, որուն նշումը տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան Սեպտեմբերին, Ֆրանսայի մէջ, մասնակցութեամբ «Արարատ Գիտութիւններու Ակադեմիա» եւ Higher Acadenic Council կազմակերպութիւններուն:
Երեկոյին հանդիսավարն էր Պետրոս Անսրեան, որ հեղինակն է Diplomat Without Portfolio հատորին: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ ներկայացնելով հանդիսութեան նպատակը: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Վեթերաններու վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Գարակէօզեանը, որ ներկայացուց վարչութեան մշակութային եւ ընկերային ծրագիրները, որոնք պիտի գործադրուին յառաջիկայ ամիսներուն:
Երեկոն ճոխ էր գեղարուեստական յայտագիրով մը: Աստղիկ Տատուրեան ասմունքեց երկու տաղեր, որոնցմէ մէկը՝ օրուան բանախօս բժիշկ Վարդան Թաշճեանի ստեղծագործութիւններէն էր, իսկ Լեւոն Կանիմեան սազով չորս հմայիչ մեղեդիներով ներկաներուն հոգիները գրաւեց:
Անսրեան ներկայացուց բժիշկ Թաշճեանի կենսագրական գիծերը՝ նշելով անոր կեանքի ասպարէզի մասնագիտական մարզէն անդին՝ անոր տարած հայրենական, ազգային եւ նոյնիսկ միջազգային գործունէութիւնները:


Բժիշկ Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ապա՝ իր մասնագիտական բծախնդրութեամբ պատրաստած բանախօսութիւնը ներկայացուց հիւրերուն, վառ երեւակայութեամբ զանոնք տանելով Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ, ուր ան հասակ առած էր եւ տիրացած իր մակդիրին:
Բժիշկ Թաշճեան՝ իբրեւ թախծոտ հայորդի, Հայոց Ցեղասպանութիւնէն ճողոպրած ընտանիքի զաւակ. ան չէր բաւականացած իր մասնագիտական գործունէութեամբ, այլ՝ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայրենագործ եւ ազգային գործունէութիւններու, ծառայելով իր ազգին եւ հայրենիքին, չմոռնալով աշխարհի թշուառները եւ անտունիները: Ան հոյլ մը հայ բժիշկներու հետ 1974ին հիմնած է «Հայ բժիշկներու համագումար» անունով կազմակերպութիւն մը, Պէյրութի մէջ՝ նպատակ ունենալով առողջապահական ծառայութիւններ մատուցանելու հայ ազգի կարօտեալներուն: Այդ նպատակին մասնակից դարձան, տեղւոյն եւ համաշխարհային մակարդակով, այլ հայ բժիշկներ եւս, ինչպէս՝ Քէքլիքեան, Երուանդ Ճիտէճեան, Անդրանիկ Մանուկեան, Ճոն Նաճարեան, Էտուարտ Վարդանեան, Ռոպէրթ Ճէպէճեան, Լեւոն Թօփուզեան, Գրիգոր Յովաննէսեան, Աբրահամ Ասլանեան, Յովիկ Մելիտոնեան, Կիրակոս Մինասեան եւ այլ բժշկական, գիտական եւ ընկերային մարզերու մասնագէտ անձնաւորութիւններ, որոնք համագումարին ստեղծման օրէն ի վեր ծառայած են հայ ազգի կարիքներուն:

Բժիշկ Թաշճեան նշեց, թէ անցեալ տարի, երբ համագումարը տեղի կ՛ունենար Ֆրանսայի մէջ, իր հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով, ներկայ էին նաեւ Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն ժամանած օտար հաստատութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք անդրադարձան աշխարհի ներկայ կացութեան, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն աղաղակելով աշխարհի ղեկավարութիւններուն: Նոյն նպատակով, այնտեղ խօսք առած էր նաեւ փաստաբան Անժելա Բարսեղեան (Ամերիկայէն), որ ներկայ էր հանդիսութեան: Համագումարի յիսնամեակի յիշատակումը չէր բաւարարուած միայն միջազգային հարցերու վրայ կեդրոնանալով, այլ նաեւ՝ կեդրոնացած էր հայրենական եւ ազգային հարցերու վրայ, որոնք տակաւին կը յամենան այսօր, ինչպէս՝ Արցախի տարագրուած հայութեան պարագան, որ ազգային եւ միջազգային հարցի առարկայ կը մնայ մինչեւ բարւոք լուծում:
Բժիշկ Թաշճեան յայտնեց, որ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած համագումարը պիտի կրկնէ իր համախմբումը երկու տարին անգամ մը՝ շարունակելու համար միջազգային եւ ազգային հայրենական նուիրեալ ծառայութիւնները, մասնաւորապէս իր նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներով, որոնք հայրենիքի մէջ արդէն իսկ իրենց անսակարկ ծառայութիւններով հանդէս կու գան:
Բժիշկ Թաշճեան աւարտեց իր բանախօսութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր իր աշխատակիցներուն, որոնք տարիներու ընթացքին եղած են իրեն գործակից, ներկաներուն եւ Վեթերաններու վարչութեան, իր խօսքը աւարտելով շարք մը բանաստեղծութիւններով, որոնք իր սրտի խորքէն կը բխէին՝ հայրենիք, միասնականութիւն եւ խաղաղութիւն բուրելով:
Հանդիսավար Անսրեան փակեց հանդիսութիւնը՝ շնորհակալութեան խօսքերով բժիշկ Թաշճեանին, ՀԲԸՄի Վեթերաններու վարչութեան, ներկաներուն եւ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի տնօրինութեան, ապա հրաւիրեց ներկաները հիւրասիրութեան՝ մտերմիկ մթնոլորտով աւարտելու երեկոն: