2016ի «Օրորա» մրցանակաբաշխութեան եզրափակիչին մասնակցած, փաքիստանցի յայտնի իրաւապաշտպան Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա յայտարարեց, որ մտադրած է մեկնիլ Պաքու` անձամբ ներկայ գտնուելու Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութեան: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտարարութիւնը զետեղուած է Free Armenian Prisoners X-ի պլոկին վրայ:
«Դիւրին է հեռուէն դատապարտել անարդարութիւնը, բայց իրական փոփոխութիւնը գործողութիւն կը պահանջէ: Ահա՛, թէ ինչո՛ւ ես որոշեցի մեկնիլ Պաքու` ներկայ գտնուելու Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութեան: Կը խնդրեմ, միացէք ինծի համերաշխութեան դրսեւորումին մէջ, եթէ կրնաք», գրած է Ֆաթիմա:
Free Armenian Prisoners-ը իր հետեւորդներուն կոչ ուղղած է՝ այցելելու freearmenianprisoners.com կայքը` տեղեկանալու այն կարելիութիւններուն մասին, որոնց միջոցով կարելի է ազդեցութիւն ունենալ իրավիճակին վրայ: