Հնդկաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աֆեան Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան միացեալ քարտուղար Վիշուեշ Նեկիի հետ, որ ողջունեց հանդիպումին ներկայ Հնդկաստանի մօտ Հայաստանի ռազմական կցորդ, գնդապետ Արկադի Տօնոյեանի արդէն իսկ մեկնարկած կարեւոր առաքելութիւնը:
Ըստ դեսպանութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումին իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու, փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպելու, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններու պաշտպանական խորհրդակցութիւններու շարունակականութիւնը ապահովելու եւ շահաւէտ գործակցութիւնը զարգացնելու հարցերը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, մասնաւորապէս` Հայաստանի խաղաղութեան օրակարգի յանձնառութեան եւ երկկողմ բարեկամական համագործակցութեան խորացման ուղղութիւններուն: