Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան 7 Մարտին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մօտ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավար Տաֆնէ Մարէի հետ:
Ըստ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին յայտարարութեան՝ անոնք քննարկեցին գերիներու, անհետ կորսուած անձերու եւ անոնց ընտանիքներու իրաւունքներուն վերաբերեալ հարցեր:
Մանասեան եւ Մարէ անդրադարձան միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ոլորտին մէջ իրականացուող միացեալ ծրագիրներուն: «Անահիտ Մանասեանը բարձր է գնահատել Հայաստանում ԿԽՄԿի հետ Մարդու իրաւունքների պաշտպանի հաստատութեան համագործակցութեան մակարդակը եւ ընդգծել կազմակերպութեան իրականացրած աշխատանքների կարեւորութիւնը», կ՛ըսուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: