Անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան եւ շաբաթավերջին, Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումներուն եւ սպանութիւններուն ընթացքին, Լաթաքիոյ մուտքին, երկու հայեր` հայր եւ որդի Անթուան եւ Ֆատի Պութրոսներ կրակոցներու զոհ դարձան, կը հաղորդէ «Գանձասար»ը:
Հանգուցեալներուն յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
«Այն, ինչը երկրին մէջ տեղի կ՛ունենայ, նախատեսելի սնամէջ մարտահրաւէրներու շարքին է. պէտք է ազգային միասնականութիւնը պահպանենք, եւ Աստուծոյ կամքով, կարենանք այս երկրին մէջ միասնաբար ապրիլ», Կիրակի օր յայտարարեց Սուրիոյ փոխանցման շրջանի նախագահ Ահմետ Շարհ:
Մինչ այդ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ 6 Մարտին սկսած բախումներու զոհերու թիւը հասած է 1018ի, որմէ 745ը քաղաքայիններ են, որոնք սպաննուեցան համայնքային ջարդերու ընթացքին: Զոհերէն 125ը ապահովական ուժերէն, պաշտպանութեան նախարարութեան անդամներէն եւ աջակից ուժերէն են, որոնց շարքին են առնուազն 93 սուրիացիներ: Նախկին վարչակարգի անդամ եւ անոնց համակիր զինեալներէն արձանագրուած են 148 զոհեր»:
Զոհերուն մեծամասնութիւնը ալաուի փոքրամասնութենէն եղած են. յիշեցնենք, որ նախորդ նախագահ Պաշշար Ասատ ալաուի է։
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութիւնը յաւելեալ ուժեր ուղարկած է` կայունութիւնը ամրապնդելու եւ հանդարտութիւնը վերականգնելու համար:

«Ասատի վարչակարգի մնացորդը գործի լծողը Իրանն է», «Հատաս»ին յայտնեց Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը:
«Արապիա»ն հաղորդեց, որ սուրիական բանակը եւ ապահովական ուժերը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանը առած են իրենց վերահսկողութեան տակ:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ առաւել քան 1000 անձերու սպանութիւնը որակեց «ցնցիչ»:
«Փոխանցման կառավարութեան պատասխանատուութիւնը յաւելեալ յարձակումները արգիլելը, դէպքերը հետաքննելը եւ անոնց պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկելն է», իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Բուռն կերպով բոլոր կողմերը կը յորդորենք բռնութեան վերջ տալ»:
«Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքին մէջ ամբողջ ընտանիքներու սպանութեան վերաբերեալ չափազանց մտահոգիչ տեղեկութիւններ կը ստանանք»` կոչ ուղղելով` «բռնարարքը անմիջապէս դադրեցնելու», յայտարարեց ՄԱԿը՝ աւելցնելով.
«Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ քաղաքայիններու սպանութիւնը պէտք է անմիջապէս դադրի»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ դատապարտեց «Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործուող ջարդերը»:
«Միացեալ Նահանգները կը դատապարտէ իսլամական ծայրայեղական ահաբեկիչները, ներառեալ օտար զինեալները, որոնք վերջին օրերուն Սուրիոյ արեւմուտքին մէջ մարդիկ սպաննեցին», յայտարարեց Ռուպիօ` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ մէջ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն կողքին կը կանգնի, ներառեալ քրիստոնէական, տիւրզի, ալաուի եւ քիւրտ հասարակութիւնները, եւ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհերու ընտանիքներուն: Սուրիոյ փոխանցման իշխանութիւնները պէտք է հաշուետուութեան ենթարկեն Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն դէմ այս ջարդերուն հեղինակները»:
«Գանձասար»ը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահութիւնը քաղաքացիական համերաշխութիւնը պահպանելու եւ երկրի ազգային բարձրագոյն շահերը պաշտպանելու համար կազմեց ազգային անկախ մարմին մը, որ Սուրիոյ ծովափի դէպքերը պիտի հետաքննէ, պատասխանատու կողմերը եւ պատճառները ճշդէ, ինչպէս նաեւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ոճրային արարքներ եւ ապահովական ուժերուն նկատմամբ ոտնձգութիւններ իրագործողները եւ պետական ենթակառոյցներուն վրայ յարձակողները ճշդէ, որպէսզի անոնք դատական մարմիններուն յանձնուին:
Երկուշաբթի օր, ՄԱԿի պատուիրակութիւն մը ժամանեց Սուրիոյ ծովափի շրջանը։ Ըստ «Սուրիա» պատկերասփիւռի կայանին՝ պատուիրակութիւնը պիտի շրջագայի սուրիական ափամերձ քաղաքներուն մէջ, որոնց կարգին՝ Քրտահա, Լաթաքիա եւ Թարթուս՝ տեղեկանալու համար շրջանի իրավիճակին մասին:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ Հուսէյն Ապտուլ Ղանի նոյն օրը յայտարարեց, թէ ծովափի շրջանի նախկին վարչակարգի մնացորդներուն դէմ զինուորական գործողութիւնը աւարտած է։