
Իսրայէլ ներգրաւուած է Միացեալ Նահանգներու հետ շարունակական քննարկումներու մէջ` Իսրայէլի, Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եռակողմ համագործակցութեան ամուր հիմեր ստեղծելու համար, ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»ի, կ՛ըսուի Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Վերոնշեալ յայտարարութիւնը հնչած է իբրեւ պատասխան Իսրայէլի խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին «Շաս» կուսակցութեան երեսփոխան Շիմոն Մոշիաշվիլիի կողմէ ներկայացուած միջնորդութեան:
«Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական դաշինքի արդիականացում» նիւթով քննարկումին ընթացքին Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը ընդգծեց հետեւեալը. «Ատրպէյճան կովկասեան շրջանին մէջ Իսրայէլի կարեւոր ռազմավարական դաշնակիցն է` յարաբերութիւններով, որոնք կը ներառեն համագործակցութիւն ապահովութեան, առեւտուրի, ճարտարագիտութիւններու եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ»:
«Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կառուցուած են իւրայատուկ գործընկերութեան վրայ` հիմնուած փոխադարձ շահերու եւ երկարամեայ բարեկամութեան վրայ», կառավարութեան անունով խօսք արտասանելով՝ բացատրեց Իսրայէլի Ազգային առաքելութիւններու նախարար Օրիթ Շթրոք՝ աւելցնելով. «Իսրայէլ պիտի շարունակէ ամրապնդել Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնը եւ վճռականօրէն պիտի դիմագրաւէ զայն վտանգելու որեւէ փորձ»:
Մոշիաշվիլի, որ նախաձեռնած էր քննարկումը, նաեւ արծարծեց Ատրպէյճանի հետ ռազմավարական դաշինքի արդիականացման անհրաժեշտութիւնը: