Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ժողովի ծիրին մէջ, իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովութեան չգոյութիւնը եւ անկայունութիւնը միայն ի շահ Իսրայէլի են եւ կ՛արտօնեն ահաբեկչական ու ծայրայեղական խմբաւորումներու գործունէութիւնը:
Արաղճի անհրաժեշտ նկատեց իսլամական պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան եւ համակարգման ամրապնդումը` դիմակայելու համար իսլամական աշխարհին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ան կոչ ուղղեց՝ իսլամական աշխարհին կողմէ վճռական ու միասնական քայլեր որդեգրելու` արգիլելու համար գաղութատիրական սադրանքը եւ արգիլելու համար Կազայի բնակչութեան բռնի տեղահանումը ու Պաղեստինի ջնջումը:
Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան` Արաղճի նշեց այնտեղ արձանագրուող վերջին վտանգաւոր զարգացումները` ընդգծելով, որ Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները պատասխանատու են սուրիացի ժողովուրդի բոլոր հատուածներու ապահովութեան եւ կեանքի պահպանման նկատմամբ:
Խօսելով Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն մասին՝ Արաղճի յայտնեց, որ անոնք իւրայատուկ են եւ հիմնուած իսլամ երկու մեծ եւ դրացի ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ շահերուն վրայ:
Արաղճի ընդգծեց, որ այդ յարաբերութիւններուն պահպանումը երկու երկիրներուն պատասխանատուներուն հասարակաց պատասխանատուութիւնն է:
«Չեմ կարծեր, թէ ոեւէ մէկը կը կասկածի, որ Թուրքիա եւ քանի մը այլ երկիրներ անմիջական ազդեցութիւն ունեցած են Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ: Հետեւաբար, այժմ ծագած խնդիրներուն, ինչպէս՝ Իսրայէլի կողմէ սուրիական տարածքի լայնածաւալ բռնագրաւումը, անոր կողմէ Սուրիոյ ամբողջ պաշտպանական եւ գիտական ենթակառոյցներու ոչնչացումը եւ անոնց պատճառով ծագած բոլոր տագնապներուն պատասխանատուութիւնը, բնականաբար, կը կրեն անոնք, որոնք իրականացուցած են այդ փոփոխութիւնները եւ զարգացումները: Իրան տագնապի մէջ չէ Թուրքիոյ հետ, մենք պիտի շարունակենք Թուրքիոյ հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները եւ շրջանային հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւնները», «Ա.Էֆ.Փէ.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Արաղճի: