
Երեքշաբթի, 4 Մարտի երեկոյեան, իր հերթական հանդիպումներու ծիրին մէջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի գլխաւորութեամբ՝ Ազգային վարչութիւնը այցելեց Օրենճ Քաունթիի ծխական համայնքը եւ տեսակցեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, Հոգաբարձութեան եւ Ազգային երեսփոխաններու հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ դիւանապետը:
Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ արտասանուեցան բարի գալստեան խօսքեր եւ փոխանակուեցան տեղեկութիւններ. Առաջնորդը եւ Ազգային վարչութիւնը նաեւ հասու դարձան շրջանի մտահոգութիւններուն եւ դժուարութիւններուն եւ տուին ցուցմունքներ, ապա գնահատեցին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ եւ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային նախակրթարանին միջեւ սերտ գործակցութիւնը:
Սրբազանը իր խորհուրդներով քաջալեր հանդիսացաւ, որ շրջանի հայութեան կեանքի բարգաւաճման ի նպաստ ծրագիրները աւելի եւս առատանան եւ իրենց ժամանակին իրականութիւն դառնան, որպէսզի հովիւ եւ ժողովուրդ գործակցութեան պտուղները աւելի շատ ու աւելի քաղցր ըլլան:


Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը: Այս առիթով, ծխական կեանքի պատասխանատուներ բարի մտածումը ունեցան առաջնորդին եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 25ամեակը շնորհաւորելու կարկանդակով մը, զոր սրբազանը հատեց եւ հայրական իր օրհնութիւններուն ընդմէջէն Աստուծմէ հայցեց ամենայն բարիք եւ հայութեան կեանքին մէջ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու եւ աւանդութիւններու յաւելեալ գնահատում ու ծաղկում:
Լսելով շրջանի պատասխանատուներուն եւ ժողովուրդին դրական արտայայտութիւնները՝ առաջնորդը դրուատեց տէր Գարեգինի հովուական ծառայութիւնը եւ անոր մաղթեց ուժ ու կորով՝ շարունակելու իր առաքելութիւնը՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ։