
ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայութեան համար աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային լուրջ մարտահրաւէրներու, Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւման, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան, հայոց պետականութեան դէմ գոյութենական սպառնալիքներու ժամանակահատուածի մը մէջ։
Պատերազմներով ընկերացող համաշխարհային վերադասաւորումները, միջազգային կառոյցներու եւ միջազգային օրէնքի, ինչպէս նաեւ զսպումի արդիւնաւէտ գործիքակազմերու բացակայութիւնը ապահովական մարտահրաւէրներ են հայոց պետականութեան լինելիութեան եւ հայկական համայնքներու կենսունակութեան համար։
44օրեայ պատերազմէն ետք, տարածաշրջանին մէջ խախտած ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը, Ատրպէյճանի շարունակական ռազմատենչ նկրտումները եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած խաղաղութեան կեղծ օրակարգը ապահովական նոր սպառնալիքներ կը ստեղծեն։
Թէ՛ թուրք-ատրպէյճանական առանցքին եւ թէ Հայաստանի վարչախումբին համար առաջնահերթ թիրախ են ազգային ինքնութենական արժէքներն ու ազգային գաղափարախօսութիւն դաւանող ուժերը։
Հայաստանի ապահովութեան եւ կառավարման ճգնաժամը, ներազգային թշնամանք հրահրելու եւ Սփիւռքը պառակտելու իշխանութեան քայլերը կը խորացնեն հանրային յուսալքութիւնը։
Քննելով իրավիճակը՝ ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովը հաստատեց․
Մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը եւ հայկական ինքնութեան պահպանումը ՀՅԴն կը հռչակէ ռազմավարական նպատակ եւ կը յայտարարէ պայքարի վճռական փուլի մը մասին։
Ըստ այնմ կը սահմանուին ռազմավարական հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.
– Հայոց անկախ պետականութեան հզօրացում, տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան վերականգնում, ժողովրդավարական, իրաւական, ընկերային պետութեան կերտում՝ Անկախութեան հռչակագիրի տառին ու ոգիին համապատասխան,
– Արցախի ազատագրման օրակարգին շուրջ համազգային համախմբում, միջազգային իրաւաքաղաքական երաշխիքներու գործադրութեամբ՝ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի եւ հիմնարար միւս իրաւունքներու իրականացում,
– Հայոց բանակի, պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համակարգերու ամրապնդում,
– Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքի հետապնդում,
– Ազգային եւ պետական շահերու վրայ կառուցուած, ապահովութեան սպառնալիքները յաղթահարող արտաքին քաղաքականութեան որդեգրում,
– Սփիւռքի կազմակերպական հզօրացում, համահայկական օրակարգերու շուրջ ազգային եւ քաղաքական համախմբում։
Միաժամանակ ՀՅԴ 35րդ Ընդհանուր ժողովը հաստատեց.
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային եւ ապապետական ընթացքը կասեցնելու, հայրենիքի ապահովութիւնը երաշխաւորելու, կենսունակ հայկական պետութիւն ունենալու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու, ներազգային համապարփակ ճգնաժամը յաղթահարելու եւ ՀՅԴ ռազմավարական նպատակները իրագործելու անհրաժեշտ պայմանը իշխանափոխութիւնն է:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը լի է վճռակամութեամբ եւ պատրաստակամ է պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման օրակարգի շուրջ գոյացնել համազգային համախմբում։
6 Մարտ 2025, Ծաղկաձոր