Եմէնի հուսիներուն պատկանող լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մայրաքաղաք Սանաայի, Սաատայի եւ Պայտաայի վրայ ամերիկեան շուրջ 40 յարձակումներու պատճառով, ըստ նախնական տուեալներու, արձանագրուեցան 32 զոհեր եւ առաւել քան 100 վիրաւորներ:
Իր կարգին, ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ շղթայազերծած է Եմէնի մէջ «Անսարուլլա» շարժումի խմբաւորումները թիրախ դարձնող օդային յարձակումներ` «ճշգրիտ կերպով թիրախ դարձնելով Եմէնի զանազան շրջաններու մէջ գտնուող հուսիներու պատկանող կեդրոններ` իբրեւ պաշտպանութիւն ամերիկեան շահերուն, զսպելու համար թշնամիները եւ վերականգնելու համար նաւարկումի ազատութիւնը»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Եմէնի մէջ հուսիներուն դէմ ամերիկեան հարուածները կրնան օրերու եւ շաբաթներու վրայ երկարիլ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց յարձակումները եւ զանոնք նկատեց ՄԱԿի կանոնադրութեան խախտում:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին հեռաձայնելով՝ զինք տեղեակ պահեց Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծելու որոշումէն: Լաւրով յայտնեց, որ պէտք է անմիջապէս դադրեցնել հուսիներու դէմ ուժի կիրարկումը` շեշտելով «բոլոր կողմերուն քաղաքական երկխօսութեան մասնակցելու կարեւորութիւնը` հասնելու համար լուծումի մը, որ յաւելեալ արիւնահեղութիւնը կ՛արգիլէ»: