
Կիրակի, 9 Մարտի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Պըրմինկհամ երկրորդական վարժարանի մարզադաշտին մէջ նախագահեց ՀՄԸՄի Ազգային վարժարաններու ՔԱՀԱՄի խաղերու փակման հանդիսութեան, որ նոյն ատեն կը նշէր բացումը ՀՄԸՄի 48րդ Նաւասարդեան խաղերուն:
Այս առիթով, Գեղամ արքեպիսկոպոսը բարձր գնահատեց ՀՄԸՄը եւ իր կազմակերպած մարզական ամէնամեայ խաղերը՝ դիտել տալով, որ անոնք հայ նոր սերունդի պատանի եւ երիտասարդ զաւակներու, նաեւ աշակերտական խումբերու մրցունակութեան ոգին բարձրացնելու լաւագոյն առիթը կը հանդիսանան, ինչպէս նաեւ հայ տղոց ու աղջիկներու հոգիներուն մէջ յաղթանակի հասնելու ձգտումը կը խթանեն՝ հայ ազգի կեանքին մէջ ստեղծելով հպարտութեան նոր առիթներ:



