
«ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ ՊԷՏՔ Է ՁԳՏԻԼ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒԹԵԱՆ»․ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Կիրակի, 9 Մարտի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան «Արտաքսման Կիրակի»ն նշեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, քառասնօրեայ Ս. Պահոց խորհուրդին մասին խորհրդածութիւններ կատարելով:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ շրջանի հաւատացեալ զաւակներ:
Իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը վեր առաւ կարեւորութիւնը քառասնօրեայ Մեծ Պահքին՝ բացատրելով, որ այս ժամանակաշրջանը Աստուծոյ կատարելութեան հետ ըլլալու պահն է՝ մոռնալով անցողիկը եւ մարդկայինը, ձգտելով երկնային կատարելութեան, հոգիի մաքրութեան, ֆիզիքական աշխարհի բոլոր փորձութիւններէն հեռանալու կամքը աւելի եւս զօրացնելով մեր կեանքին մէջ:
Խօսելով «Արտաքսման Կիրակի»ին մասին՝ Գեղամ արքեպիսկոպոսը ըսաւ, որ նախամարդը՝ Ադամը, մեղքի պատճառով արտաքսուեցաւ դրախտէն, իր ժառանգորդներուն կտակելով ծննդեան մեղքը, որուն հիման վրայ ամբողջ մարդկութիւնը Աստուծոյ վերատեսութեան արժանանալու համար պէտք է Աստուծոյ պատուիրանները կատարէ, որպէսզի արժանի ըլլանք դարձեալ դրախտ մուտք գործելու, մեր ազատ ընտրութեամբ, մեծագոյն դարմանը ՍԷՐը ընտրելով՝ «սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» պատուիրանին հետեւողութեամբ:
«Որքան որ մենք ունինք միտքի պայծառութիւն եւ կամքի զօրութիւն՝ ինքնաքննութեան ճամբով մենք մեզ սրբագրելու, այդքան աւելի մօտեցած կ՛ըլլանք մենք մեզ վերանորոգելու աստուածային հրաւէրի գործադրութեան, մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան ամէն անգամ մենք մեզ սրբագրելով եւ դէպի կատարելութիւն ձգտելով, որպէսզի Յարութեան տօնին, որ շուտով պիտի բացուի մեր առաջ, մենք Աստուծոյ աչքին կատարեալ անձեր ըլլանք», դիտել տուաւ սրբազանը եւ յորդորեց ներկաները՝ իրենց բոլոր օրերուն մէջ ձգտիլ կատարելութեան: