Պաքու «դատապարտեց» Եւրոպական խորհրդարանին մէջ 13 Մարտին, ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած բանաձեւը, որուն միջոցով եւրոպացի պատգամաւորները պահանջեցին անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները, որոնց կարգին Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները: Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ ընդգծած էր, որ հայերուն դէմ դատավարութիւնները շինծու են եւ նուաստացուցիչ:
Միլի Մեճլիսը բողոքի նամակ մը ուղարկեց Եւրոպական խորհրդարանին, կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի խորհրդարանին:
Ատրպէյճանական կողմը անհիմն եւ կողմնակալ որակեց բանաձեւը եւ պնդեց, որ՝ իբր թէ անիկա «կ՛ոտնահարէ գերիշխանութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ արդարադատութեան սկզբունքները»:
Ատրպէյճան անհիմն որակեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման եւ ցեղային զտումներու համար Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած մեղադրանքները: Իբրեւ պատասխան` Ատրպէյճան մեղադրեց Եւրոպական խորհրդարանը՝ երկրի ներքին գործերուն միջամտելու մէջ` նշելով, թէ Պաքու հաւատարիմ է տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին: