
Շաբաթ, 8 Մարտին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը ոչ միայն համայնքին անդամները ի մի բերելու եւ Հայ Դատին գործունէութեան մօտէն առնչութիւն ունենալու, այլ նաեւ շրջանի նորընտիր պետական պաշտօնատարներու հետ ծանօթանալու առիթ հանդիսացաւ։ Տեղի ունեցան նաեւ մեծարումներ։
Արդարեւ, շրջանէն Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ ընտրուած Քեթրին Սթեֆանի Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաքսէն Մաքսաճեանի հետ հարցազրոյցի մը միջոցաւ տեղեկութիւններ փոխանցեց իր քաղաքական ասպարէզին, ինչպէս նաեւ Հայ Դատին եւ հայութեան հետ իր սերտ յարաբերութիւններուն մասին։
Իր կարգին, անցեալ Նոյեմբերին, Սան Հոզէ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի առաջին հայ անդամը ընտրուած Ճորճ Ռաֆֆի Քէյսի շնորհակալութիւն յայտնեց Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ իր ընտրապայքարին ընթացքին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։
Այնուհետեւ, Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Գրիգոր Տէր Աբրահամեան ներկայացուց մասնաճիւղին անցեալ տարուան գործունէութեան մանրամասնութիւնները, իսկ վարչութեան այլ անդամ մը` Անի Ենիգոմշեան, մասնաճիւղին անունով մեծարեց համայնքին հոգեւոր հայրերը։

Մասնաճիւղին «Հերոս» մրցանակին արժանացան Տաթեւ Ա. քհնյ. Յարութիւնեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ, Արցախ քհնյ. Պատոյեան, պատուելի Քելվին Սաղրեան, Գրիգոր քհնյ. Զաքարեան եւ Եղիշէ քհնյ. Քսաճիքեան։
Այս առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան դրուատեց մասնաճիւղին աշխատանքը, ձեռնարկին յաջողութիւնը վերագրելով այն իրողութեան, որ մասնաճիւղին եւ անոր համակիրներուն մէջ կան մեծ թիւով նուիրեալներ, որոնց արեան մէջ է Հայ Դատի առաքելութիւնը։
