Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀի գործերով զբաղող յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին «Թելեկրամ»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը «Կովկասեան լեռներէն ալ բարձր սարերու ետեւը կը գտնուի», որովհետեւ Եւրոպան Երեւանին այդպիսի բան չէ խոստացած։ «Բայց Հայաստան արդէն սկսած է ենթարկուիլ Եւրոպական Միութեան, ինչպէս նաեւ միութեան առանձին անդամներու, օրինակ` Ֆրանսային, որոնք կը բորբոքեն Փաշինեանի` յետ-խորհրդային տարածքէն դուրս գալու փափաքը», յայտնեց Զաթուլին։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց «Եւրոպական Միութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկին մասին» օրէնքի նախագիծը:
Զաթուլին ըսաւ, որ ԵԱՏՄին անդամակցութեան շնորհիւ է, որ «Հայաստանի տնտեսութիւնը աշխուժութիւն ապրած է», իսկ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը այս տարածքէն հեռանալ պիտի նշանակէ:
Մոսկուա տարբեր առիթներով բազմաթիւ անգամներ քննադատած է Երեւանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտումը եւ զգուշացուցած անոր հետեւանքներէն։