Վիեննայի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդի յատուկ նիստին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան ըսաւ, որ եթէ Ատրպէյճան կը փափաքի վերջ դնել ԵԱՀԿի Մինսքի գոյութեան, ամէնէն տրամաբանական եւ օրինական կարճ ուղին համաձայնագիրի ստորագրութիւնն է:
Աբիսողոմոնեան շեշտեց, որ Մինսքի գործընթացի կառոյցներու հետագայ գործունէութեան կարիք պիտի չըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան պահէն սկսեալ, երբ պաշտօնական կերպով հակամարտութեան աւարտը պիտի արձանագրուի: Հակառակ պարագային, ըստ փոխնախարարին, այդ պիտի նշանակէ սայլը ձիէն առաջ դնել:
Անդրադառնալով Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու՝ Պաքուի միւս պահանջին՝ Աբիսողոմոնեան նախ վկայակոչեց սահմանադրական դատարանի 26 Սեպտեմբեր 2024ի որոշումը, ապա շեշտեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը չի պարունակեր որեւէ դրոյթ, որ կրնայ ենթադրել տարածքային պահանջ որեւէ երրորդ երկրի նկատմամբ:
Նոյն ատեն, Աբիսողոմոնեան նկատել տուաւ, որ իրականութեան մէջ, մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ինքնին Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը, որովհետեւ անիկա կը բովանդակէ դրոյթներ, որոնք կ՛ենթադրեն տարածքային յաւակնութիւններ Հայաստանի նկատմամբ:
«Ադրբեջանի սահմանադրութեան նախաբանում յղում է արւում Սահմանադրական ակտին, որտեղ կայ անկախութեան հռչակագիր, որտեղ նշւում է, որ Ադրբեջանի առաջին հանրապետութիւնն ընդգրկում է Արեւելեան եւ Հարաւային Անդրկովկասը: 1919թ. Նոյեմբերին Ադրբեջանի Հանրապետութիւնը Անտանտին է ներկայացրել իր վարչատարածքային քարտէզը, որում ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի շուրջ 60 տոկոսը ներառուած էր Ադրբեջանի կազմում: Այսպիսով, Ադրբեջանի սահմանադրութիւնը պարունակում է տարածքային պահանջներ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ», յայտարարեց Աբիսողոմոնեան:
Իսկ թէ ինչո՛ւ Երեւան չի բարձրացներ Ատրպէյճանի սահմանադրութիւնը փոխելու անհրաժեշտութեան հարցը՝ փոխնախարարը բացատրեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ ներառուած է յօդուած մը, ըստ որուն, կողմերը չեն կրնար յղում ընել իրենց ներքին օրէնսդրութեան՝ համաձայնագիրի չգործադրելը արդարացնելու նպատակով:
«Մէկ այլ յօդուած սահմանում է, որ կողմերը ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը, չունեն տարածքային պահանջներ միմեանց նկատմամբ եւ պարտաւորւում են ապագայում եւս նման պահանջներ չներկայացնել: Աւելին, թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ադրբեջանը ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը նախկին խորհրդային հանրապետութիւնների սահմանների շրջանակներում», շեշտեց Աբիսողոմոնեան, որ նաեւ յիշեցուց, թէ Հայաստանի գերիշխան տարածքէն առաւել քան 200 քառակուսի քիլոմեթրը գրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ ընդգծելով, որ Հայաստան բարձրագոյն մակարդակով աներկբայօրէն յայտարարած է, որ չի ձգտիր այս հարցը լուծել ռազմական ուղիով:
«Սահմանազատման ընթացիկ գործընթացը, ինչպէս նաեւ Խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնականացուած տեքստը պարունակում են բոլոր անհրաժեշտ մեխանիզմներն այս հարցի խաղաղ եւ իրաւական ճանապարհով հասցէագրման համար: Այսպիսով, Հայաստանը լիովին հաւատարիմ է խաղաղութեան օրակարգին եւ շարունակում է գործել այդ սկզբունքների համաձայն», ըսաւ Աբիսողոմոնեան՝ վերահաստատելով, որ հայկական կողմը պատրաստ է ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ ատրպէյճանական կողմին կ՛առաջարկէ սկսիլ խորհրդակցութիւններու՝ փաստաթուղթի ստորագրութեան ժամկէտներուն եւ վայրին շուրջ: «Մենք գնում ենք խաղաղութեան, ոչ թէ պատերազմի», եզրափակեց Աբիսողոմոնեան: