ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ արդիւաւէտ փոխադրումներ կատարելու համար յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուի իրականացնել Երեւանի մեթրոյի զարգացման ծրագիր: Մասնաւորապէս՝ պէտք է աւարտել Բարեկամութիւն-Աջափնեակ նոր կայարանի կառուցման աշխատանքները, դէպի Կոմիտաս կառուցել 2 նոր կայարան:
Մեթրոյի զարգացման ծրագիրը կեանքի կոչելու նպատակով այժմ բանակցութիւններ կ’ընթանան Համաշխարհային դրամատան (ՀԴ) հետ երկարաժամկէտ եւ ցած տոկոսներով վարկեր ստանալու համար: