6 Ապրիլին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Աշոտ Սիմոնեան, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեանը, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան այցելեցին Գորիս եւ հանդիպումներ ունեցան քաղաքացիներու հետ։
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ ներկայացուեցան հետագայի ընելիքները:
Պատգամաւորները պատասխանեցին քաղաքացիներու հարցումներուն եւ խօսեցան ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու ելքերուն մասին:
Անոնք մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Գորիսի «Մեծ Սօս» կոմիտէութեան վերանորոգուած գրասենեակի բացման արարողութեան: