
Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայոց ձեռագիրներու փրկութեան ուղին իւրայատուկ պատմութիւններ ունի: Անոնցմէ մէկը Լիմ (կղզի՝ Վանայ լիճին մէջ) մենաստանի վանահայր Յովհաննէս վարդապետ Հիւսեանի նախաձեռնութեամբ Վասպուրականէն ձեռագրերու փրկութեան եւ Սուրբ Էջմիածին փոխադրութեան առաքելութիւնն էր:
Ապրիլեան կոտորածի օրերուն, Յովհաննէս վանահայրը կը հոգար թէ՛ վանքը շէն պահելու, թէ՛ ձեռագիրներու եւ թանկարժէք սպասքի պահպանման, թէ՛ հազարաւոր անմեղ հայերուն Լիմի մէջ ապաստան տալու եւ մահէն փրկելու խնդիրները: Լիմ կղզիին մէջ անոր կազմակերպած պաշտպանութեան շնորհիւ, նաւերով կղզի հասած եւ փրկուած է շուրջ 12 հազար հոգի՝ այնտեղ մնալով մինչեւ Մայիս ամիսը, երբ հայ կամաւորական խումբերը եւ ռուսական զօրքերը մտան Վասպուրական: Յուլիսին, ռուսական զօրքերու ժամանակաւոր նահանջը՝ կոտորածէն ողջ մնացած հայութիւնը ստիպած է բռնելու գաղթի ճամբան:
Յուլիսեան մեծ գաղթի ժամանակ, Արեւելեան Հայաստան գացող ժողովուրդին հետ Յովհաննէս վանահայրը եւ Կտուց մենաստանի միաբան Ստեփան վարդապետը Սուրբ Էջմիածին տարած են ձեռագիրներու առաջին բաժինը: Այդ գրչագրերէն 17 ընտիր նմուշներ ներկայացնելով Գէորգ Ե. կաթողիկոսին՝ Յովհաննէս վանահայրը դիմած է վեհափառին՝ խնդրելով Վասպուրականէն բերուած ձեռագիրները պահել Մայր Աթոռի մէջ: Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալով, ան վերադարձած է Վասպուրական՝ յաւելեալ ձեռագիրեր եւ սրբազան սպասքը փրկելու նպատակով:
1915 Օգոստոսին, ռուսական զօրքերու եւ հայ կամաւորներու յառաջխաղացքը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ հայութեան՝ վերադառնալու Վասպուրական: Վեհափառի ցուցումով, Յովհաննէս վարդապետ, Ստեփան վարդապետ, Ախթամարի վանքի միաբան Դանիէլ վարդապետ Զադոյեան եւ Թիֆլիսի Կովկասեան թանգարանէն անոնց միացած հնագէտ, պատմաբան Սմբատ Տէր Աւետիսեան հաւաքած են Ախթամար, Լիմ եւ Կտուց կղզիներու մէջ մնացած ձեռագիրները, Վարագավանքին մէջ գտնուածները, Վանի եկեղեցիներու մէջ պահպանուածները եւ 1916 Յունուարին Յովհաննէս վրդ. Հիւսեանի գլխաւորութեամբ հասցուցած են Սուրբ Էջմիածին:
Մայիս ամսուն Յովհաննէս վարդապետ՝ Վասպուրականի տարբեր վայրերէն գտած այլ ձեռագիրներ ուղարկած է Սուրբ Էջմիածին:
***
Ըստ Հայաստանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հաղորդումներուն, այսպէսով 1915–1916ին փրկուած են շուրջ 1440 ձեռագիրներ, որոնց վրայ կ՛աւելնան նաեւ գաղթականներու բերած սակաւաթիւ մատեանները:
Մատենադարանին մէջ այժմ կը պահուին Ցեղասպանութեան ընթացքին Վասպուրականէն փոխադրուած աւելի քան 1470 ձեռագիրներ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»