28 Ապրիլին, Թիֆլիսի մէջ ընթացք առին ՆԱԹՕի բազմազգ զօրավարժութիւնները, որոնց կը մասնակցին նաեւ Հայաստանէն սպաներ, յայտնեց Վրաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանը՝ վկայակոչելով երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը:
Ըստ նոյն աղբիւրին՝ վարժութիւններուն կը մասնակցին 17 երկիրներու զինուորականներ, որոնց կարգին՝ Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէ եւ Թունուզէն:
«Զօրավարժութիւններուն նպատակը ջոկատի մակարդակով բազմազգ ստորաբաժանում պատրաստելն է` վրացական կողմի ղեկավարութեամբ` ծրագրաւորման եւ ճգնաժամային գործողութիւններ իրականացնելով», կ՛ըսուի վրացական կողմի հաղորդագրութեան մէջ։