
Մարդկային իրաւունքներ պաշտպանելու մասին իր յայտարարած սկզբունքները ոտնակոխելով՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի Մարդկային իրաւանց կեդրոնը արգիլեց Ապրիլ 24ին տեղի ունենալիք Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին «Տունս Քաղցր Ա» (My Sweet Land) վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը։
Այս քայլը խստօրէն դատապարտած համալսարանին Հայ ուսանողական միութիւնը բացայայտեց, թէ ամօթալի որոշումը տրուած է երեք ատրպէյճանցի ուսանողներու բողոքին եւ յատկապէս՝ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին բանեցուցած ճնշումներուն պատճառով։ Միութիւնը կը շեշտէ, թէ պիտի շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի հայաթափման մասին իր իրազեկման աշխատանքները, աւելցնելով՝ «Լռութիւնը չէզոքութիւնը չէ, այլ՝ մեղսակցութիւն»։
Պաքուի պարտադրանքին առջեւ տեղի տուած համալսարանին որոշումը դատապարտեց նաեւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Թազեան, իսկ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական համախմբումը նամակով մը բողոքեց որոշումին դէմ, յաւելեալ յստակացումներ պահանջելով համալսարանէն։ Նամակին տակ ստորագրած են՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Ճան Հայրապետեան, Ճեսիքա Քալոզա, Նիք Շուլց եւ Տէյվիտ Թանկիփա, ու նահանգային ծերակուտական Սաշա Ռընէ Փերեզ։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի ճնշումներուն տակ, Յորդանան հրաժարեցաւ բեմադրիչ Սարին Հայրապետեանի «Տունս Քաղցր Ա» վաւերագրական ֆիլմը անցեալ տարուան «Օսքար»ի մրցանակի թեկնածութեան ներկայացնելէ, «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» բաժինին մէջ ներկայացնելու համար։
Բազմաթիւ փառատօներու մէջ ցուցադրուած եւ մրցանակներ շահած ֆիլմը կը պատմէ 11ամեայ Վրէժին մասին, որ կ՛երազէ Արցախի իր գիւղին մէջ ատամնաբոյժ դառնալ։ Երբ պատերազմը դարձեալ կը բռնկի, Վրէժը իր ընտանիքին հետ կը փախչի, իսկ պատերազմին աւարտին ան կը վերադառնայ իր քանդուած հայրենիքը: