
Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ նախորդ տարի ցուցարարներու դէմ կիրարկուած ուժը «որոշ պարագաներու իրաւաչափ չէր», կը հաստատեն աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կառոյցներէն մէկուն` «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ի (Amnesty International) ներկայացուցիչները:
2024ին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան բնագաւառի իրավիճակին մասին 29 Ապրիլին հրապարակուած զեկոյցի՝ Հայաստանին նուիրուած հատուածին մէջ իրաւապաշտպանները կ՛ըսեն հետեւեալը «Վարչապետի հրաժարականի պահանջով Ապրիլին եւ Մայիսին տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին, ոստիկանութիւնը քանի մը անգամ անօրէն ուժ կիրարկեց: 12 Յունիսին, Երեւանի կեդրոնին մէջ ծայր առաւ բախում մը ոստիկանութեան եւ սահմանազատման դէմ բողոքող ցուցարարներուն միջեւ: Վիրաւորուեցան 101 անձեր, որոնց կարգին` ոստիկանութեան 17 աշխատակիցներ: Ըստ տարածուած տեղեկութիւններուն` ձերբակալուեցան 98 անհատներ, որոնցմէ առնուազն 15ին դէմ հետագային հասարակական կարգը խախտելու եւ խուլիգանութեան մեղադրանքներ առաջադրուեցան: Ոստիկանութեան գործողութիւններուն իրաւաչափութեան եւ օրինականութեան վերաբերեալ հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք իրաւապահներէն ոչ ոքի դէմ մեղադրանք առաջադրուեցաւ»:
Ըստ նոյն իրաւապաշտպաններուն՝ նախորդ տարուան գարնան սկիզբ առած ցոյցերուն առանձնայատկութիւններէն էին լրագրողներուն դէմ ճնշումները: «Ապրիլին եւ Մայիսին տեղի ունեցած ցոյցերը յատկանշուեցան լրագրողներու դէմ ճնշումներով եւ հետապնդումներով, նաեւ՝ անոնց դէմ վիրաւորանքի եւ սպառնալիքներու դէպքերու աճով: Ըստ Հայաստանի մէջ գործող Խօսքի ազատութեան կոմիտէին տուեալներուն` լրատուամիջոցներու 14 ներկայացուցիչներ վիրաւորուեցան բողոքի ցոյցերու լուսաբանութեան ընթացքին: Այդ բոլորը տեղի ունեցան թէ՛ թիրախային յարձակումներու եւ թէ ամբոխի հրմշտուքներուն պատճառով: կարգ մը լրագրողներ հրած եւ գետին նետած էին, ոմանք ալ ոստիկաններուն կողմէ ծեծի ենթարկուած էին` վիրաւորուելով», կ՛ըսուի վերոնշեալ զեկոյցին մէջ, որ նաեւ կը յիշեցնէ 22 Մարտ 2024ին, ընդդիմութեան աջակիցներ Վազգէն Սաղաթէլեանի եւ Նարեկ Սամսոնեանի ձերբակալութիւնը:
Անդրադառնալով Հայաստանի շուրջ ստեղծուած կացութեան` զեկոյցին մէջ կ՛ընդգծուի, որ Ատրպէյճանի հետ լարուածութիւնը 2024ին շարունակուած է՝ «Հայաստանի մէջ ներքաղաքական խժդժութիւնները սնուցող գործօն հանդիսանալ»։
Ըստ «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ի ներկայացուցիչներուն` Պաքուի հետ սահմանազատման վերաբերեալ համաձայնութեան պատճառով, Տաւուշի մարզի չորս գիւղեր մնացին ատրպէյճանական կողմին մէջ:
Անոնք նաեւ կ՛անդրադառնան արցախահայութեան տեղահանութեան՝ նշելով, որ անոնք Հայաստանի մէջ կը շարունակեն լուրջ հարցերու բախիլ: «Յատկապէս բնակարանային ապահովման, աշխատանքի եւ կրթութեան հարցերը բազմաթիւ գաղթականներու համար կը շարունակեն խնդրայարոյց մնալ: Անոնց (Լեռնային Ղարաբաղ) ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը մնաց չիրականացած», կը յայտնեն «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ի ներկայացուցիչները: