Հայաստան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները լարելու, խզելու, կամ փճացնելու մտադրութիւն չունի, յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Էսթոնիա պաշտօնական իր այցելութեան ծիրին մէջ, վարչապետ Քրիստեն Միխալի հետ տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին։
«Մենք ուզում ենք, ինչպէս եւ տրամաբանական է, ունենալ լաւ յարաբերութիւններ միջազգային բոլոր գործընկերների հետ: Աւելին, մենք ուզում ենք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները մեր տարածաշրջանի երկրների հետ…, եւ ի հարկէ, մենք ուզում ենք խորացնել մեր յարաբերութիւնները Եւրամիութեան հետ», ըսաւ Փաշինեան՝ պատասխանելով Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը:
Փաշինեան ընդգծեց, որ այդ յարաբերութիւնները հիմնուած են եւ պիտի հիմնուին փոխադարձ հետաքրքրութիւններու վրայ: Ան յիշեցուց, որ իր ղեկավարած կառավարութիւնը որդեգրած է կշռադատուած արտաքին քաղաքականութիւն, ինչ որ կը նշանակէ մէկ ուղղութեամբ արտաքին քաղաքականութիւն չկառուցել:
Իբրեւ այս քաղաքականութեան դրսեւորումներէն մէկը՝ ան նշեց Հայաստանի մէջ վերջերս ընդունուած` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկը տալու վերաբերող օրէնքը:
Միխալ իր կարգին շեշտեց, որ բարեփոխումներու առումով Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները խորացնելը կրնայ շատ լաւ խթան հանդիսանալ: