Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավար Տիգրան Տէր Մարգարեան եւ թաղապետարանի աշխատակցիները 30 Ապրիլին ծեծի ենթարկեցին Երեւանի հարցերուն մասին պարբերաբար ահազանգող գործիչ Արթուր Չախոյեանը:
Armlur.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Արթուր Չախոյեան յայտնեց, թէ որոշած է թաղապետարանին մէջ ընթացող հանրային քննարկման մասնակցիլ՝ նշելով, որ իր տան կից կը կառուցուի 18 յարկանի շէնք մը, որ տարածքին հետ անհամադրելի է:
Չախոյեան բարձրացաւ թաղապետարան եւ ըսաւ, թէ կ՛ուզէ խօսիլ վարչական շրջանի ղեկավարին հետ: Անոր յայտնեցին, որ այդ բանը կարելի է ընել առանց տեսախցիկներու. գործիչը համաձայն գտնուեցաւ։ Սակայն, քիչ ետք, աշխատակիցներէն մէկը Չախոյեանին ըսաւ՝ «Դու լաւ տղայ չես», որուն իբրեւ պատասխան վերջինը յայտնեց, թէ՝ ինք լաւ տղայ չէ։ Անկէ ետք Տէր Մարգարեան եւ միւս աշխատակցիները սկսան ծեծի ենթարկել գործիչը։
Անկէ ետք քննարկումը անվրդով շարունակուեցաւ՝ թաղապետին մասնակցութեամբ։
Այդ ընթացքին ոստիկանութիւնը ձերբակալեց Արթուր Չախոյեանը. ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժանմունքի մօտ շտապ օգնութեան ինքնաշարժը զայն փոխադրեց բժշկական հիւանդանոց՝ դէմքը վիրաւորուած էր, դժուարութեամբ կը քալէր։
«Սրանք խուլիգաններ են, ոստիկանութիւն են բերել, գլուխս պտտւում ա, յարձակուել են, սրանք խուլիգանի, թալանչի, պիղծ իշխանութիւն ա` թաղապետի գլխաւորութեամբ: Գլուխս արնազեղում ա տեղի ունեցել», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Չախոյեան։
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ թաղապետարանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին գործով ձերբակալուած են 6 անձեր, որոնց մէջ վարչական ղեկավարը չկայ: Տիգրան Տէր Մարգարեան նաեւ հրաժարական տալու մտադրութիւն չունի։
Քանի մը օր առաջ աւագանիի ընդդիմադիրներէն Մեսրոպ Մանուկեան եւ Չախոյեան Նոր Նորքի 105րդ մանկապարտէզէն պատկերներ եւ տեսանիւթ մը հրապարակեցին՝ ցոյց տալով անորակ շինարարութիւնը։ Այս տեսանիւթին հետեւեցաւ Նոր Նորքի թաղապետին հեռաձայնային զրոյցը` սպառնալիքներով, հայհոյանքներով։
Երբ իր հայհոյանքներով լեցուն ձայնագրութիւնը հրապարակուեցաւ՝ թաղապետը ըսաւ, որ լաւ ըրած է, նոյնը ըսաւ նաեւ Չախոյեանը խումբով ծեծի ենթարկելու մասին։
30 Ապրիլին, դէպքին առիթով, Քննչական կոմիտէին մէջ յարուցուեցաւ քրէական գործ մը՝ խումբ մը անձերու կողմէ ֆիզիքական ներգործութեան յօդուածով:
Ծեծի ենթարկուած Չախոյեան հիւանդանոցն է. անոր փաստաբանը օրուան աւարտին տեղեկացուց, որ ան ազատ արձակուած է։