
Կառավարութիւնը 30 Ապրիլի իր նիստին ընթացքին երկու ամիսով երկարաձգեց արցախցիներուն ընկերային աջակցութեան ծրագիրը` ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի հաշիւով 40 հազարական դրամ տրամադրելու։
Նշուեցաւ, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն համար հաստատուած ընկերային ուղղուածութիւն ունեցող ծրագիրներուն վերաբերեալ առաջարկներու քննարկման համար ժամանակ կը պահանջուի:
Նախորդ տարեվերջին, կառավարութիւնը որոշեց այս Ապրիլէն սկսեալ սահմանափակել բնակարանի վարձքի փոխհատուցման ծրագիրէն օգտուող արցախցիներուն շրջանակը եւ կրճատել աջակցութեան չափը: Եթէ մինչ այդ բռնի տեղահանուածի կարգավիճակ ունեցողները կը ստանային 50 հազարական դրամ, եւ օրինակ` 4-5 հոգիէ բաղկացած ընտանիքը գոյացած գումարով կրնար բնակարան վարձել, Ապրիլէն արդէն աջակցութիւն պիտի ստանային միայն անչափահասները, ուսանողները, թոշակառուները, կերակրողը կորսնցուցած անձերը եւ առաջին ու երկրորդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցողները՝ եւ ոչ թէ 50 հազար, այլ 40, իսկ Յուլիսէն՝ 30 հազար դրամ:
Այս որոշումը մեծ դժգոհութեան ալիք բարձրացուց արցախցիներուն մօտ, որոնք նշեցին, թէ այսպիսով կը դժուարանայ իրենց ապրուստը եւ կ՛աւելնայ արտագաղթը։