«Փաստինֆօ»ն 29 Ապրիլին յայտնեց, որ Երեւանի մէջ գործող Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքը, որ Արցախի կառավարութեան սեփականութիւնն էր, անցած է Հայաստանի կառավարութեան տնօրինման, որովհետեւ 5 տարիներ առաջ, Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան շէնքը 800 հազար տոլարի դիմաց գրաւի դրած էր «Արցախաբանկ»ին մէջ: Իսկ անցեալ շաբաթ, Ազգային ժողովը քննարկումներէ ետք, լրացումներ կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ, եւ, ըստ այդմ` Արցախի մէջ արձանագրուած կազմակերպութիւններուն ժամանակ տրուած է մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2024, որպէսզի անոնք դարձեալ արձանագրուին Հայաստանի մէջ՝ իրենց գործունէութիւնը շարունակելու համար, այլապէս գոյքերուն իրաւունքները կը փոխանցուին կառավարութիւնը։
30 Ապրիլին, արցախցի փաստաբան Ռոման Երիցեան իր էջին վրայ գրեց, որ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքը դրամատան, վարկային կազմակերպութեան, որեւէ այլ մարմինի կամ անհատի մօտ գրաւի չէ դրուած: «Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յանձնարարութեամբ կատարել եմ փաստաբանական հարցումներ ու իրականացրել այլ ուսումնասիրութիւններ եւ ստացել յստակ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական պատասխան` նշածս գոյքի նկատմամբ գրանցուած գրաւի իրաւունքի բացակայութեան մասին: Հետեւաբար ներկայացուցչութեան շէնքը ՀՀ կառավարութեանն անցնելու կամ վարկի դիմաց Արցախի երրորդ նախագահի կողմից գրաւադրուած լինելու տեղեկութիւնները մտացածին են ու ոչ իրական: Ի հարկէ ՀՀ կառավարութիւնն ունակ է ցանկացած ստորութեան, այդ թւում` սեփականութեան իրաւունքի բացայայտ խախտման, բայց վստահ եղէք, որ անձամբ ես իրաւական եւ ցանկացած այլ եղանակով խոչընդոտելու եմ Արցախի համար այլեւս խորհրդանշական համարուող այդ շէնքը ՀՀ կառավարութեանն անցնելու քայլերին», ըսաւ Երիցեան: