

Երեքշաբթի, 29 Ապրիլին, Ազգային առաջնորդարանը այցելեցին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային միջնակարգ վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտները՝ առաջնորդութեամբ վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեանի, ընկերակցութեամբ դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու:
Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ Գեւիկ Պաղտասարեան ու ծնողներ:
Աշակերտները հայցեցին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հայրական օրհնութիւնը՝ վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ աւանդաբար շարունակուող դէպի Հայաստան այցելութեան տարեկան ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու համար: Աշակերտական բացման խօսքէն ետք, մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներ խումբ առ խումբ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին դեռատի տղաք ու աղջիկներ հանդէս եկան խմբային ասմունքով, երգ ու պարով եւ իրենց աշակերտական շունչով լեցուցին կառոյց ու հոգիներ:
Սրբազան հայրը գնահատանքի եւ օրհնութեան իր խօսքին մէջ արծարծեց այն միտքը, որ Հայ եկեղեցւոյ մէջ քրիստոնեայ կը մկրտուինք, հայկական դպրոցին մէջ հայ կը մկրտուինք, իսկ հայրենիք այցելութեամբ մեր մէջ կը դրոշմուի հայ-քրիստոնեայի նկարագիր, ապա այս իմաստով սրբազանը դրուատեց աւարտական դասարանի աշակերտներուն Հայաստան մեկնումը՝ ընդգծելով, որ դէպի Հայաստան այս պտոյտը իր յատկանշական դրոշմը եւ բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ իւրաքանչիւր աշակերտի ինքնութեան վրայ:
Հուսկ, առաջնորդը այցելու աշակերտները հրաւիրեց Ազգային առաջնորդարանի մատուռը, ուր բոլորը միասին արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, ապա Գեղամ արքեպիսկոպոսը աշակերտներուն շնորհեց իր հայրական օրհնութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ քայլերուն ու կրթական ծրագիրներուն:
Ազգային առաջնորդարանը «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթագիրքէն օրինակ մը եւ օրհնուած փայտեայ ապարանջան մը նուիրեց իւրաքանչիւր աշակերտի:
