
ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը տօնախմբեց ՀՕՄի 115ամեակը, կազմակերպելով «Միասնաբար բարձրանանք. Յոյսի եւ բարեգործութեան երեկոյ» ձեռնարկը, 27 Ապրիլին, Կլենտէյլի Reflections Venue սրահին մէջ։ Սրահը լեցուած էր 353 հիւրերով:
Տարեսկիզբի անտառային հրդեհներուն պատճառով, ձեռնարկը երկու անգամ յետաձգուելէ ետք, վերջապէս տեղի ունեցաւ բարեփոխուած ծրագրով մը։
Շրջանային վարչութիւնը այս առիթով պատուեց երկու ընկերուհիներ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են ՀՕՄին, անոնք են՝ Մաքօ Մկրտիչեան եւ Խաթուն Բագրատունի։ Իսկ ընկերուհի տոքթ. Իտա Քարայեան մեծարուեցաւ ՀՕՄի Հոգեբանական կեդրոնին նուիրուել ղեկավարման համար։


Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քրիստինա Ամիրեան Խանճեան ձեռնարկին ընթացքին յայտնեց, թէ ձեռնարկը յատուկ է, որովհետեւ երկու երիտասարդ անդամուհիներ՝ Արենի Համբարեան եւ Վերժինի Թուլումեան հանդիսավարութիւնը կը կատարէին, հայկական վարժարաններէ ստացած իրենց ուսումը ցոլացնող երկլեզու ներկայացումներով։ Իսկ Արեւմտեան շրջանի առաջին՝ Ֆրեզնոյի «Մայր» մասնաճիւղի անդամներէն Անժէլ Օհաննէսեան Ֆրեզնոյէն եկած էր քայլերգները երգելու համար։
Կազմակերպիչ յանձնախումբի կամաւորները, գլխաւորութեամբ յանձնախումբի ատենապետուհի Նանիկ Գիւփէլեանի («Արազ» մասնաճիւղէն)՝ մինչեւ վերջին վայրկեանը աշխատած էին ներկաները լաւ ձեւով հիւրընկալելու համար։ Գիւփէլեան ձեռնարկի բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, կամաւորներուն եւ ներկաներուն։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան սեղաններու օրհնութիւնէն ետք, փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ ըսելով, թէ առաջնորդական պաշտօնին բերումով, երեք ցամաքամասերու վրայ ականատես եղած է կնոջ կարողութիւններուն: կարողութիւնները որքան աւելի կ՛ըլլան «եթէ այդ կինը ՀՕՄի շարքերուն մէջն է. հայ կնոջ կարողականութիւնը զարգացնող կազմակերպութիւն է ՀՕՄը»։ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ եթէ ՀՕՄը գործ մը յանձն առնէ, ոչ միայն զայն կը կատարէ, այլ նաեւ լաւապէս տեղ կը հասցնէ։


Թուլումեան եւ Համբարեան իրենց հմտութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ՝ փոխն ի փոխ հանդիսավարելով, մեծապէս տպաւորեցին ներկաները։ Անոնք նախ զիրար ծանօթացուցին, ապա ներկայացուցին հիւրերը եւ մեծարեալները։ Հիւրերու կարգին էին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան ատենապետ եւ հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Եղիա քհնյ. Իսայեան, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի 25րդ ընտրաշրջանի ներկայացուցիչ Սաշա Ռընէ Փերեզ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան, գանձապահուհի Անի Քէշիշեան եւ խորհրդական ու շրջանիս կապը՝ Ժարմէն Միրզախանեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի, Հայ Դատի, եւ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու ներկայացուցիչները։
Փերեզ եւ Նաճարեան Խանճեանին փոխանցեցին շնորհաւորական հաստատագիրներ։
Ցուցադրուեցաւ Շրջանային վարչութեան պատրաստած՝ ՀՕՄի տեղական եւ համաշխարհային աշխատանքները ցոլացնոց յատուկ տեսանիւթը, ապա, կատարուեցաւ մոմավառութիւն՝ 80 նուիրատուներու մասնակցութեամբ։

Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետուհի Խանճեան՝ յիշելով, թէ իր մեծ մօր մեծագոյն ուրախութիւնը իր թոռներուն Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցող ՀՕՄի ձեռնարկներու տանիլն էր։ Մեծ մօր դուստրը, հարսը եւ խնամիները 1918ին հիմնուած ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի անդամներ էին, իսկ Խանճեան միացած էր ՀՕՄի շարքերուն ի յիշատակը իր մեծ մօր։
Ներկայացնելով երեք ընկերուհիները, որոնք պիտի մեծարուէին՝ ան ըսաւ, թէ իր յիշողութեան սկիզբէն ի վեր, Մաքօ Մկրտիչեան միշտ ՀՕՄի մասին կը գրէր, կը դասաւանդէր եւ կը դասախօսէր։ Ինք եւ իր քոյրը «Արաքս» մասնաճիւղի դպրոցին մէջ Մկրտիչեանին աշակերտներէն եղած էին։
Ատենապետուհին դիտել տուաւ, թէ Խաթուն Բագրատունի կը շարունակէ կամաւորաբար ծառայել եւ մեզի կը յիշեցնէ, թէ ի՛նչ է ՀՕՄուհի ըլլալը, մինչ ինք կը շարունակէ ներկայ գտնուիլ իր մասնաճիւղի ժողովներուն եւ ձեռնարկներուն, եւ նոյնիսկ մեր Կանոնագրային յանձնախումբին անդամ է։


Իսկ տոքթ. Իտա Քարայեանի մասին խօսելով՝ ան ըսաւ, որ ան տեսլական եւ մտապատկեր ունեցած է իբրեւ գաղութային ղեկավար եւ ան հոգեբոյժ մըն է, որ կը շարունակէ մեծաթիւ յաճախորդներու խորհրդակցութիւն փոխանցել, ինչպէս նաեւ հոգեբուժութեան ուսանողուհիներու օգնած է, որ իրենց արտօնագիրներու պայմանները լրացնեն։
Խանճեան դիտել տուաւ, թէ ձեռնարկին հասոյթը պիտի ծառայէ տեղական ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ օգնելու գաղութի անդամները, որոնք հրդեհներէն տուժած են։ Ան նշեց, թէ ՀՕՄի Հոգեբանական կեդրոնը եւ Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակները արդէն իսկ կ՛օգնեն անոնց եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ ՀՕՄը կրնայ անվճար ծառայութիւնները շարունակել աւելի մեծ թիւով մարդոց օգնելու համար։ Միւս կողմէ, ան յիշեց, թէ ՀՕՄի շաբաթօրեայ դպրոցները կը պատրաստեն շրջանի նոր ղեկավարները, իսկ կրթանպաստներէն կ՛օգտուին ուսանողներ։ Նկատի ունենալով, թէ վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին մեծ թիւով նոր անդամներ միացած են ՀՕՄի շարքերուն՝ ան փոխանցեց իր վարչութեան հրճուանքը՝ ի տես նոր սերունդին պատրաստակամութեան, այս միութիւնը յառաջ տանելու համար։
Ատենապետուհին յայտնեց, թէ շրջանս արդէն իսկ 300 հազար տոլար փոխանցած է ՀՕՄի միջազգային համամարդկային ծրագիրներուն համար, մինչ այդ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջաններու Շրջանային վարչութիւններուն եւ մասնաճիւղերուն, որոնք իրենց նուիրատուութիւնները փոխանցեցին անտառային հրդեհներէ տուժածներուն հասցնելու նպատակով։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ՀՕՄի կամաւորներու ընտանիքներուն, որոնք թիկունք կանգնած են ՀՕՄի աշխատանքներուն՝ ան իր խօսքը վերջացուց՝ ըսելով. «Կեցցէ՛ ՀՕՄը»։


ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան երեք ընկերուհիները միացան Խանճեանին, որ մեծարուող ՀՕՄուհիներուն յիշատակելի նուէրները փոխանցեց։ Մաքօ Մկրտիչեան հայուհիները յորդորեց խտացնել ՀՕՄի շարքերը, որպէսզի ՀՕՄը հասնի մեր ժողովուրդի բազմատեսակ կարիքներուն։ Ան մէջբերեց Նժդեհի խօսքը, որ՝ ազգերը անտարբերութեամբ ինքնասպան կ՛ըլլան եւ յորդորեց ազգին տառապանքէն ծնունդ առած այս միութեան ծառայել։
Խաթուն Սրապեան Բագրատունի դիտել տուաւ, թէ մեր ներկայ երիտասարդութիւնը մեր հարստութիւնն է եւ թէ պէտք է օգտագործել երիտասարդութեան կարողականութիւնը, պէտք է գնահատել տարբեր մտածողները, նորարարութեան հանդէպ յարգանք ունենալ, նոյնիսկ եթէ անգլերէնով կը խօսին, մինչ անոնց սիրտերը հայերէն կը տրոփեն։
Տոքթ. Իտա Քարայեան, որ միայն երեք ժամ առաջ վերադարձած էր Հայաստանէն՝ յայտնեց, թէ իր իրագործումներուն պիտի չկարենար հասնիլ առանց երիտասարդներու ներդրումին։ Ան շեշտեց, թէ բոլորին ներդրումը շատ կարեւոր է եւ ինք կը յուսայ, որ անոնք կը շարունակեն գործել։


Մինչ Վահէ Մանկասար եւ Քրիստին Յովհան դասական երգացանկով մը ելոյթ կ՛ունենային՝ ներկաները սեղանէ սեղան երթալով իրենց շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէին մեծարեալներուն, յիշատակներ մէջբերելով եւ մաղթանքներ փոխանցելով։ Կարգ մը ներկաներ այնքան տպաւորուած էին մեծարեալներով, որ նոյնիսկ անծանօթ ըլլալով անոնց մօտեցան իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցելու։ Հակառակ յայտագիրին աւարտած ըլլալուն՝ ներկաները տակաւին կը շրջէին սրահին մէջ։
Յուսադրիչ էր սրահին մէջ ներկայութիւնը նոր սերունդին, որ ՀՕՄի շարունակականութիւնը պիտի ապահովէ։
Այս ձեռնարկը դարձեալ ապացուցեց, թէ ՀՕՄի համամարդկային ծրագիրներու իրագործումը պիտի շարունակուի՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար՝ 115 Տարի անխոնջ նուիրում» լօզունգին համաձայն: