Լոս Անճելըսի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան եւ «Համազգային»ի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Ապրիլ 6ին տեղի պիտի ունենան երկու գիրքերու ներկայացումներ:
Քեսապի մշակութային կեդրոնին մէջ (18407 Sherman Way, Reseda), յետմիջօրէի ժամը 3ին սկսող ձեռնարկին ընթացքին պիտի ներկայացուի Ցեղասպանութեան մատնենաշարի երրորդ հատորը՝ Շահէն Տէրտէրեանի «Արիւնի ճամբէս» («Death March»), որուն թարգմանիչն է Իշխան Ճինպաշեանը, իսկ հրատարակիչներն են՝ Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեանները:
Հատորը պիտի ներկայացնէ Նորթրիճ համալսարանի Հայագիտական բաժնի վարիչ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանը, իսկ հանդիսավարն է «Մերտինեան» վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիկեանը:
Նոյն ձեռնարկին, ՀՕՄուհի, կրթական մշակ եւ հեղինակ Անահիտ Մէյմարեան պիտի ներակայացնէ Քնար Մանճիկեանի զոյգ հատորները՝ «Պատմութեան համար» եւ «Տօներ»:
Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Մուտք ազատ է: