ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Քանի մը հարիւր լոսանճելըսահայեր Երեքշաբթի երեկոյեան բողոքի ցոյց կատարեցին Հոլիվուտի «Լիթըլ Արմինիա» թաղամասին մէջ։ Մարտ 1ի ողբերգական իրադարձութիւններուն զոհ գացած հայորդիներու քառասունքի առթիւ կազմակերպուած այս ցոյցին մասնակիցները վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ կալանաւորուած քաղաքական գործիչներու ազատ արձակումը պահանջեցին։ Ցուցարարները նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրինականութիւնը մերժող յայտարարութիւններ կատարեցին։
Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման լոզունգով ցոյց կազմակերպողները, սակայն, հազիւ թէ օրինակելի ըլլան: Արդարեւ, բողոքը կազմակերպողներու կողմէ ցոյցը նկարելու նպատակով «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի աշխատող Վարդան Իսմայիլեանին լրագրողական գործը խանգարելու արարքը, անոր թոյլ չտալը, որ ցոյցը նկարահանէ, կարելի չէ տեղաւորել ժողովրդավարկան որեւէ սկզբունքի սահմաններէն ներս:
Երեւանի մէջ, ընդդիմութեան քարոզչական մեքենան «Հարամ անենք» ցուցադրական բողոք ընելու յայտարարութիւն մը շրջանառութեան մէջ դրած է, կոչ ընելով հանրութեան մասնակցիլ Սերժ Սարգսեանի նախագահական երդումը տալու առիթով կազմակերպուած տօնական միջոցառումներուն եւ զանոնք անակնկալօրէն «հարամ անել» հակասերժ լոզունգներով: