ԵՐԵՒԱՆ, «Տէ Ֆաքթօ».- Լեհական «Ռէչ փոսփոլիթա» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարած է, թէ կ’ակնկալէ, որ Ռուսիա եւ ԱՊՀի անդամ այլ երկիրներ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչում շնորհող առաջին երկիրները ըլլան:
Ան աւելցուցած է, թէ պատմական, ցեղային, մարդկային ու իրաւական բոլոր հիմքերը կան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման համար, եւ շեշտած է, թէ գոհ պիտի ըլլայ, եթէ Քոսովոյի անկախութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան նախադէպ դառնայ:
Սահակեան դարձեալ շեշտած է, թէ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի լայն ինքնավարութիւն շնորհելու ընտրանքը ընդունելի չէ եւ աւելցուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան օրերուն ծնած Արցախի նոր քաղաքացիները չեն գիտեր իսկ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս ապրիլ: