Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տան բնակիչը դարձեալ որդեգրեց վախկոտ ու հաշուենկատ դիրքորոշում՝ անգամ մը եւս խուսափելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը իր անունով կոչելու իր բարոյական պարտաւորութենէն։
«Այս յիշատակի օրը, մենք մեր յարգանքի տուրքը կու տանք քսաներորդ դարու ամենամեծ ողբերգութան զոհերուն՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպանութեան եւ բռնի տեղահանման», կ’ըսէ նախագահ Ճորճ Պուշի ստորագրած յայտարարութիւնը։
Ողբերգութեան տարողութիւնը մեծ բնութագրելով, նահատակներու թիւը՝ մէկուկէս միլիոնը իբրեւ ճշմարտութիւն արձանագրելով, բռնի տեղահանութեան փաստը հաստատելով, յանցագործութեան վայրը յստակացնելով բաւարարուիլ ու չառնել վերջին, բնական, տրամաբանական, բարոյական քայլը՝ միակ կարելի, բառարանային սահմանումը տալու այս բոլորին, որ է Ցեղասպանութիւն բառով բնորոշել պատահածը եւ մատնանշել յանցագործը, կ’ընդվզեցնէ մեզ եւ կը վիրաւորէ այս մեծ երկրի քաղաքացիի մեր արժանապատուութիւնը։
Նախագահ Պուշի՝ իբրեւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարի ութերորդ եւ վերջին դասալքութիւնն է այս, որ յուսանք գալիք նոր նախագահի համար չի դառնար ընդօրինակելի կեցուածք։
Ծաւալուն ու կազմակերպուած աշխատանք կը պահանջուի մեզմէ, որպէսզի համոզենք գալիք նախագահը ճիշդ կողմնորոշուելու այլեւս այս խնդրի շուրջ եւ ոչ թէ, Պուշի նման, ձեռքերը սոթթած՝ Ներկայացուցչական տան անդամները տարհամոզելու ամօթալի գործով զբաղուելու։
Ներկայացուցչական տան նախագահ Նենսի Փելոսիի պէս գործիչ մը ինք հնչեցուցած էր աշխատանքի կոչը անցեալ Չորեքշաբթի։ Անոր յայտարարութիւնը, անոր կոչը նաեւ մեզի ուղղուած էր։ Ան կարծես մեզ ալ կը դիմէր, որ աւելի աշխատինք, որ համոզենք իր պաշտօնակիցները առնելու վերջին ճիշդ, արդար քայլը եւ քուէարկելու ի նպաստ բանաձեւ թիւ 106ին։
Փակենք այլեւս Ամերիկայի նախագահներուն փախուստի ճամբաները՝ Քոնկրէսի օրինական ճանապարհով։