Մարթային օգնելու գործը։
Ապրիլ 16ին այս սիւնակով «Օգնենք Մարթային» վերնագրով կոչ մը գրած էի, խնդրելով մեր ընթերցողներէն, որ օժանդակեն արցախցի փոքրիկն Մարթա Արզումանեանի բուժման գործին։
Այս կոչը արձագանգն էր Լեռնային Ղարաբաղի ուաշինկթընեան ներկայացուցչութեան կատարած խնդրանքին, ուր կը բացատրուէր Մարթայի վիճակը եւ հինգ հազար տոլար հանգանակելու խնդիրը կը դրուէր։
Մինչեւ այդ օր, այսինքն ճիշդ երկու շաբաթ առաջ, հանգանակուած էր ինը հարիւր քսանհինգ տոլար։ Երէկ նուիրատուներու խոստումները հասած էին երկու հազար հինգ հարիւր տոլարի գիծին։ Եթէ մէկ շաբաթէն չամբողջանայ հինգ հազարը, այսինքն անհրաժեշտ գումարին մնացեալ կէսը չհաւաքուի, այս ծրագիրը պիտի ձախողի, կատարուած նուիրատուութիւնները պիտի վերադարձուին եւ Մարթայի ճակատագիրը պիտի յանձնուի բախտի քմայքին։
Եկէք, սիրելի հայրենակիցներ, չծուլանանք, աւարտենք այս կիսատ գործը։ Ընդամէնը հարիւր հոգի պէտք է քսանհինգական տոլար նուիրող, որպէսզի փակենք այս էջը։ Եթէ փափաքողներ եւ հնարաւորութիւն ունեցողներ կան, անշուշտ կրնան քսանհինգ տոլարէն աւելի ալ տալ։ Նուիրատուութիւնները տուրքէ ազատուած են եւ կրնան ըլլալ համացանցի միջոցաւ՝ հետեւեալ կայքէջէն՝ https://www.fundable.com/groupactions/groupaction.2008-04-09.3869147773:
Կարելի էր, անշուշտ, բաւարարուած ըլլալ, որ անգամ մը օգնութեան դիմում ստորագրուած է այստեղ՝ ի նպաստ Մարթային։ Կարելի էր նաեւ Արցախի ներկայացուցչութեան վստահիլ, որ անպայման բան մը կ’ընէ, մէջտեղ չձգելու համար Մարթան։ Այդ վարքագիծը ընդունելի չէ։ Պէտք է սկսած գործը մինչեւ վերջ տանելու յանձնառութեամբ շարժինք։ Հաւաքաբար։
Օգնենք Մարթային։