Մարթայի բժշկական ծախսերու հաշիւը փակուեցաւ։ Անհրաժեշտ հինգ հազարէն ալ աւելի հաւաքուած է եւ տակաւին մարդիկ կը հեռաձայնեն «Ասպարէզ»՝ ուղղութիւն կամ օգնութիւն ուզելով, թէ ինչպէս կրնան գումար հասցնել աղջնակին։
«Մեսրոպեան» եւ «Ալէք Փիլիպոս» վարժարաններու տարիներու տնօրէն Օննիկ Քէշիշեան ուղղակի վերծանական աշխատանք տարած էր կայքէջի ճիշդ հասցէն գտնելու եւ իր նուիրատուութիւնը կատարելու։ «Ասպարէզ»ի հրապարակած հասցէն ճիշդ էր, բայց կէտի մը պատճառով կրնան դժուարանալ բանալ կայքէջը։
«Ֆերահեան»ի նախկին տնօրէն Գաբրիլէլ Ինճէճիկեան նոյն դժուարութեան այլ լուծում մը տուած էր՝ իր քրէտիթ քարտի տուեալները վստահելով մեզի, որ մենք իր կողմէ կատարենք գործողութիւնը։
Չանիբէկ Չանիբէկեան կանխիկ գումարը «Ասպարէզ» հասցուց եւ մեր միջոցաւ ուղարկեց օգնութիւնը։
Օսիկ Մովսիսեանը ոչ միայն իր բաժին օգնութիւնը ուղարկած է, այլեւ նամակով դիմած է իր բարեկամներուն եւ… թշնամիներուն, որ միանան հանգանակութեան արշաւին։
«Մեր ասօրուայ բարի գործը արեցինք», կը գրէ Օսիկ։
Շնորհակալ ենք բոլորին, յիշեալներուն եւ անծանօթներուն։ Ամէնէն առաջ՝ անշուշտ Արցախի ներկայացուցչութեան, որ Մարթայի ճակատագրի մասին մեզ տեղեակ պահեց եւ հանգանակային արշաւը նախաձեռնեց։