Այսօրուան առաջին էջով երկու խանդավառող ու պարտաւորեցնող նիւթերն են խմբագրականի մեկնակէտը։
Հայկական երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտներու յաջողութիւնները կ’ուրախացնեն մեզ եւ հպարտութեամբ կը լեցնեն մեր հոգիները։ Իւրաքանչիւր յաջողութիւն, իւրաքանչիւր շրջանաւարտի ձեռքբերում, իւարաքանչիւրի փափաքի իրականացում՝ իր նախընտրած, իր ընտրած համալսարանը երթալու կարողութիւն, մեզ կ’ոգեւորէ, մեր զաւակներու ապագան ամուր հիմերու վրայ դրած ըլլալու գոհունակութիւնը կու տայ։
Միեւնոյն ժամանակ, մեր մէջ կ’արթնցնեն պատասխանատուութեան զգացումը անգամ եւ կրկին անգամ, որ մենք, որ հաւաքական գիտակցութեամբ ղեկավարուելու պարտաւորութիւնը ունինք, պէտք է մտածենք միւսներուն՝ հայկական վարժարանի հովանիէն զրկուածներու մասին, մանաւանդ անոնց, որոնք ցանկութիւնը ունին մտնելու այդ հովանիին տակ։
Կենսական է, որ նախ գոյութիւն ունեցող դպրոցները մատչելի ըլլան մեր համայնքի բոլոր խաւերու զաւակներուն համար, այսինքն, նիւթական միջոցի բացակայութիւնը նուազագոյն ազդեցութիւնը ունենայ մեր դպրոցներու աշակերտական կազմին վրայ։ Նման վիճակ ստեղծելու համար, անհրաժեշտ է զարկ տալ կրթաթոշակներու ստեղծման ու մեծացման, գործ մը, որուն պէտք է լծուին գաղութիս կրթական հարցերով մտահոգ ու զբաղող բոլոր կազմակերպութիւնները, մանաւանդ անոնք, որոնք կը հետապնդեն բարեսիրական նպատակներ։
Զրկուածներու շարքին են նաեւ անոնք, որոնք ունին միջոցները, սակայն հայկական վարժարանները բաւարար նստարաններ, բաւարար տեղ չունին իրենց համար։
Գրած ենք ու կը կրկնենք, որ այս հսկայ գաղութին համար անհրաժեշտ են բազմաթիւ հայկական դպրոցներ, որ այս հսկայ գաղութը ունի իր մէջ բաւարար ներուժ ձեռնարկելու այդ դպրոցաշինական աշխատանքներուն։
Այս մեկնակէտէն է, որ կ’ողջունենք այն պատրաստակամութիւնը, որ առաջին էջով կը յայտարարուի այսօր Արեւմտեան Ամերիկայի Ազգային առաջնորդարանի դիւանին կողմէ։ Գոյութիւն ունեցող հայկական վարժարաններու ցանցին նոր մը աւելցնելու այս յանձնառութիւնը, այս պատրաստակամութիւնը՝ պարոն Րաֆֆի Մանուկեանի կողմէ կը պարտաւորեցնէ բոլորս, իբրեւ համայնքի անդամներ, իբրեւ համայնքի պատասխանատուներ։
Կը յուսանք, որ այն ոգեւորութիւնը, որ պիտի յառաջացնէ այս լուրը, պիտի կարենայ վերածուիլ դպրոցաշինութեան նոր արշաւի մը ազդանիշի, որ համայնքը, իր կարող զաւակներով, կարենայ հետեւիլ ստեղծուած այս օրինակին, ստեղծուած նախկիններու օրինակին եւ տարուէ տարի աւելցնելու վարժարաններու թիւը։
Երէկ յաղթանակի տօն էր։ Ազգային մեծ յաղթանակի տօն տօնեցինք։ Փառաւորուեցանք, ոգեւորուեցանք։
Այսօր ալ տօնելու ահագին բան ունինք։