Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ բացայայտուած եւ կասեցուած է թմրանիւթի անօրինական ներածումի ճամբայ մը՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն Հայաստան:
Ըստ տեղեկութիւններու, Մայիս 8ին, Իրանէն Հայաստան մուտքի ընթացքին կանգնեցուած եւ զննուած է 1962ին Վրաստան ծնած Յովիկ Խալաթեանին պատկանող «ԿԱՄԱԶ» մակնիշի ինքնաշարժը:
Վարորդի նստատեղին տակ յայտնաբերուած եւ գրաւուած է 2,330 քկ. ափիոն տեսակի թմրանիւթ եւ 35 կրամ հաշիշ: Յ. Խալաթեանը ձերբակալուած է:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան կողմէ կը շարունակուին քրէական գործի նախաքննութիւնը եւ հետախուզական միջոցառումները: