Իննիսուն տարիներ առաջ արիւնաքամ եղած, Ցեղասպանութեան ենթարկուած, պատերազմական անվերջ մղձաւանջներէ անցած համրանքով մեր նախնիները հիմը դրին անկախ պետականութեան։
Այն օրէն եօթանասուն տարիներ ետք, դարձեալ կատարուեցաւ հրաշքը, հզօր կայսրութեան մը հիմերը խախտուեցան եւ խորհրդային այլասերող լուծը հոգեպէս թօթափած հայ զանգուածները ձեռնարկեցին յաղթական արշաւի մը՝ նախ կրկին տիրանալով անկախութեան՝ Խորհրդային Հայաստանի սահմաններէն ներս, ապա եւ ազատագրելով Արցախը եւ այդ պատմական տարածքին վրայ ալ վերահաստատելով հայկական պետականութեան խորհրդանիշերը։
Այս հին ու նոր տարեդարձները վերյիշելու իմաստը անցեալի դասերու թարմացումն է եւ նոր ստեղծուածը ամէն գնով պահպանելու վճռականութեան ամրապնդումը։
Իննիսուն տարի առաջ նուաճուածը երբ հազիւ երկու տարի ետք կորսնցուցինք, մանաւանդ երբ մենք մեզ գտանք օրէ օր աւելի ամրացող, օրէ օր աւելի անպարտելի նկատուող գերտէրութեան մը ճիրաններուն մէջ, կրնայինք յուսահատիլ, կրնայինք յանձնուիլ ու փակել այլեւս ազգային մեր երազներու էջը եւ ընդունիլ մեզ պարտադրուածը՝ անդիմագիծը, ապազգայինը։
Այդպէս չեղաւ։ Հայաստանի մէջ նոր զոհողութիւններով, ընտրանի ամբողջ բանակի մը ինքնանուէր զոհաբերութեամբ ազգային իղձերու կրակը վառ մնաց հայկական երկնակամարի տակ, իսկ Սփիւռքի մէջ, քրտինքով, հետեւողական ճիգով, անպատմելի ջանքով պահպանուեցաւ կորուսեալ երկրի մը մշակոյթը, անոր վերադառնալու յոյսը եւ երազը։
Հիմա ցնծալու շատ բան ունինք։ Տօնելու, ուրախանալու, վայելելու։ Սակայն, առաջին անկախութիւնը կորսնցուցած ժողովուրդ մը, մանաւանդ ամբողջական կործանումի եզրին հասած ազգ մը երբեք չի կրնար ապահով զգալ ինքզինք, մինչեւ որ իր սահմաններու պաշտպանութիւնը, մինչեւ որ իր նուաճած անկախութեան հիմերը այլեւս անխորտակելի դառնան։
Այո, հիմա ունինք հզօր բանակ, բայց այդ բանակին թիկունքին պէտք է ունենանք իր ապագային, իր զաւակներուն գալիք օրերուն հանդէպ վստահ, այսինքն իր պետութեան, իր ստեղծած կարգերուն հաւատացող հասարակութիւն մը։ Այստեղ ընելիք ունինք։ Այստեղ բացթողումներ ունինք, որոնք պէտք է վերցուին անյապաղ, որպէսզի կարենանք յաւերժ մոռնալ առաջին անկախութիւնը կորսնցուցած ատեն մեր զգացած ցաւը, վիշտը, ընդհանրապէս մեր յիշողութենէն վտարենք երկիր ու պետականութիւն կորսնցնելու սարսափը։
Պահենք, հզօրացնենք մեր նոր Հայաստանը, մեր անկախ երկիրը։