Դաշնակցական երեք նախարարներ, որոնք կուսակցութեան Բիւրոյի անդամ ընտրուեցան, իրենց հրաժարականները ներկայացուցած են վարչապետին: Այդ մասին երէկ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին յայտնեց աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեան:
Գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ Աղուան Վարդանեան կուսակցութեան Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Բիւրոյի անդամ ընտրուեցան:
Ըստ սահմանուած կարգի՝ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նախարարներուն հրաժարականները երկրի նախագահին պիտի ներկայացնէ: